«Ֆրութֆուլ Արմէնիա» հիմնադրամը սկսած է համակարգիչներ բաժնելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան աշակերտներուն: Արժանթինահայ բարերար Էտուարտօ Էռնեկեանի նուիրած 3500 համակարգիչները արդէն սկսած են յանձնուելու Ստեփանակերտի, Շուշիի եւ Քարինտակի առաջինէն չորրորդ դասարանի բոլոր աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն: Այս մասին կը յայտնէ «Ֆրութֆուլ Արմէնիա» հիմնադրամը:
Ապրիլ 2ին համակարգիչներու յանձնման արարողութեան մասնակցած են ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան, ԼՂՀ կրթութեան նախարար Վլատիկ Խաչատրեան, ՀԲԸՄ Հայաստանեան ներկայացուցչութեան կառավարման խորհուրդի նախագահ Աշոտ Ղազարեան, ՀԲԸՄ ԼՂՀ ծրագիրներու համակարգող Սասուն Պաղտասարեան եւ «ՆՈՒՌ» ծրագիրի ղեկավար Սեպասթիան Արիաս Տիվուալ:
ԼՂՀ կրթութեան նախարար Վլատիկ Խաչատրեան իր խօսքին մէջ նշած է. «Ասիկա բացառիկ օր է Արցախի երեխաների եւ ծնողների համար: Այս մօտեցումը, որի հեղինակներն են բարերար Էտուարտօ Էռնեկեան եւ ԼՂի ղեկավարութիւնը, ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Անհնար է պատկերացնել լաւ կրթութիւն՝ առանց համակարգիչների: Դրա արդիւնքները մենք կը տեսնենք ապագայում»:
ՀԲԸՄ Հայաստանեան ներկայացուցչութեան կառավարման խորհուրդի նախագահ Աշոտ Ղազարեան իր կարգին ընդգծած է ծրագիրին կարեւորութիւնը՝ ըսելով. «Հայկական Բարեգործական Միութիւնը շատ գործողութիւններ է ծաւալել Ղարաբաղում, սակայն Է. Էռնեկեանի նախաձեռնած այս ծրագիրը սիրով ընդունուեց համայնքի կողմից: Սա մեր երեխաների ապագան է. այս հրաշալի գործիքի միջոցով նրանք կը հասնեն մեծ բարձունքների»: Իսկ Սեպասթիան Արիաս Տիվուալ նշած է, թէ ծրագիրին նպատակն է, որ գալիք սերունդները արժանի կրթութիւն ստանան: «Ուրախ ենք, որ ձեզի եմ տրամադրում այս հրաշալի գործիքը, որ ձեզի համար մեծ դռներ պիտի բացնայ», խօսքը ուղղելով աշակերտներուն՝ ըսած է ան:
Նշենք, թէ «ՆՈՒՌ» (Նոր Ուսումնական Ռազմավարութիւն) ծրագիրը Էտուարտօ Էռնեկեանի նախաձեռնութիւնն է: Անիկա կ՛իրագործուի ՀԲԸՄի հետ գործակցաբար: «ՆՈՒՌ»ը կ՛իրականացուի «Մէկ համակարգիչ՝ իւրաքանչիւր երեխայի» (ՄՀԻԵ) կրթական ծրագիրի շրջանակէն ներս: ՄՀԻԵը կրթական ծրագիր մըն է, որ մշակուած է Մեսեչուսեցի ճարտարագիտութիւններու ուսումնարանին մէջ եւ կը կիրառուի աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ:
ԼՂՀ կառավարութեան կողմէ համացանցային կապ ապահովելէ ետք, «Ֆրութֆուլ Արմէնիա» հիմնադրամը պիտի շարունակէ կրթական նպատակներով ստեղծուած «XO» համակարգիչներու յանձնումը Արցախի մնացեալ համայնքներու դպրոցներուն մէջ եւս, եւ իբրեւ արդիւնք՝ ԼՂ տարրական դասարաններու բոլոր աշակերտները պիտի ունենան իրենց սեփական համակարգիչները:
«Միջազգային համայնքը Լեռնային Ղարաբաղը կը պատկերացնէ պատերազմի եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու շրջանակէն ներս միայն: Մարդիկ չեն նկատեր այնտեղ ծնող եւ ապրող երեխաները: Այդ երեխաները համընդհանուր կրթութիւն եւ տեղեկատուութիւն ստանալու իրաւունք ունին: Մտադիր եմ «ՆՈՒՌ»ին միջոցով լրացնել բացը եւ Լեռնային Ղարաբաղի երեխաներուն տալ լաւագոյն կրթութեան հնարաւորութիւն», իր խօսքին մէջ նշած է Է. Էռնեկեան: