ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Քրիստափոր Միքայէլեան կեդրոնին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան եւ ՀՅԴ Հայ Դատի ու քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան 3 Ապրիլին ընդունած են Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան նորանշանակ դեսպան, պատուիրակութեան ղեկավար Թրայեան Լաուրենտիու Հրիսթան, Առաջին խորհրդական, քաղաքական, տնտեսական, մամուլի եւ տեղեկատուութեան բաժինի ղեկավար Օննօ Սիմընզը եւ քաղաքական հարցերով պատասխանատու Անտրէ Տիտենքոն:
ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակին կողմէ հաղորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն, հանդիպման ընթացքին հիմնականօրէն քննարկուած են Հայաստանի մէջ Մայիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր։
ՀՅԴի անդամները ներկայացուցած են կուսակցութեան դիրքորոշումները եւ ընտրութիւններուն մասին իրենց գնահատականները։ Անոնք նաեւ ընդունած են դեսպանին առաջարկը՝ մասնակցելու Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպումներու շարքին: