ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ազգային ժողովին մէջ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արտաշէս Շահբազեան յոյս յայտնած է, որ խորհրդարանին մէջ ընդդիմութիւնը աւելի մեծ չափով ներկայացուած կ՛ըլլայ, որովհետեւ այս մէկուն իբրեւ արդիւնք պիտի օգտուի պետութիւնը։ Ան հաստատեց, որ այդպիսով նոր ձեւաւորուած խորհրդարանը աւելի խայտաբղէտ կ՛ըլլայ։
«Իշխանական քոալիցիոն ցուցակում ընդգրկուած մարդկանցից մեծ փոփոխութիւններ ակնկալելը դժուար է։ Մարդիկ կային, ովքեր կարող էին խորհրդարան մտնել եւ աշխատել», ըսած է ան՝ նշելով, որ իւրաքանչիւր անձ պէտք է զբաղի իր գործով, իսկ ներկայիս խորհրդարանը իր խորհրդարանական աշխատանքը չի կատարեր։
Եթէ իշխանութիւնը ընդունի իր սխալները, հրաժարի հայ–թրքական արձանագրութիւններէն, արտագաղթը հիմնահարց նկատէ, մտածէ ժողովուրդին մասին, այն ատեն չի բացառուիր, որ Դաշնակցութիւնը քոալիցիոն կազմէ իշխանութեան հետ, յայտնած է Արտաշէս Շահբազեան՝ նշելով, որ երկու անգամ իշխանութեան հետ քոալիցիոն կազմելով կարելի եղած է ընկերային հարցերը հիմնական նկատել եւ անոնց լուծումներ գտնել։
Արտաշէս Շահբազեանի համաձայն, ՀՅԴն պիտի համագործակցի նաեւ իր գաղափարակից ուժերուն հետ։ «Կարեւորում ենք պետութեան դերը տնտեսութեան մէջ, ինչպէս նաեւ երիտասարդների համար աշխատատեղեր բացելու խնդիրը։ Եթէ ընդդիմութիւնը չի կարեւորում սրանք, չենք կարող նրանց հետ համագործակցիլ», հաստատած է ան։