
Հայաստանի գրողներու միութեան մէջ Այվազեանական ընթերցումներ կը կայանան: «Աղասի Այվազեան հիմնադրամը» արդէն 3րդ տարին ըլլալով է որ կը կազմակերպէ Այվազեանական ընթերցումներ, ուր զեկոյցներով հանդէս կու գան Յասմիկ Պօղոսեանը, Լեւոն Անանեանը, Կարինէ Խոդիկեանը, Երուանդ Ղազանչեանը, Արմէն Էլբակեանը եւ այլք: Այս առթիւ ՀԳՄ նախագահը յայտնեց. «Պիտի կարողանանք այլեւս նոր իրադրութեան պայմաններում մեր գրողներին ներկայացնել իրենց անունը կրող հիմնադրամներում: Սա Արեւմուտքը վաղուց է որդեգրել… էնտեղ պետութիւնը տէր չի կանգնում ընդհանրապէս գրականութեանը, մշակոյթին. ամէն ինչ արւում է հիմնադրամների միջոցով»:
Գրողի այրին՝ Գրետա Վերդիյեան, իր կարգին նշեց, որ 1992 թուականէն ի վեր կը գործէ Աղասի Այվազեանի անուան դպրոցը, եւ ցանկութիւն յայտնեց, որ այդ դպրոցին օրինակով հիմնուի նաեւ կրթահամալիր, որ պիտի ընդգրկէ «ստուտիօ», պատկերասրահ եւ գրադարան՝ ընթերցումներու համար: Բացի ատկէ, 2013ին կը նախատեսուի կայացնել Հայ թատերագրական այվազեանական փառատօնը, որուն շրջանակէն ներս, բոլոր բեմահարթակները պիտի անդրադառնան Այվազեանի թատերգութեան: Ան նաեւ նշեց, թէ կը պատրաստուի դիմելիու Նարեկ Սարգսեանին ու Տարօն Մարգարեանին, որպէսզի Քեռու փողոց 79/1 հասցէին վրայ ստեղծուի Աղասի Այվազեանի տուն-թանգարանը: