ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Միացեալ Նահանգներու քաղցկեղի դէմ պայքարի միութիւնը հրապարակած է 2012 թուականի «Ծխախոտի ատլաս»ը, ուր կը ներկայացուի ծխելու իբրեւ հետեւանք մահացողներուն տոկոսային պատկերը՝ ըստ երկիրներու։
Ծխելու պատճառով մահացող տղամարդոց թիւի ցանկին առաջին դիրքը կը գրաւէ Թուրքիան՝ 37.6 տոկոսով, ապա՝ Ղազախստանը՝ 34.7 տոկոսով, իսկ երրորդ դիրքին վրայ է Հայաստանը՝ 32.7 տոկոսով։
Զեկուցումին համաձայն, ծխելու պատճառով մահացող կիները Հայաստանի մէջ 7.7 առ հարիւր կը կազմեն։