ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան 23 Մարտին հանդիպում ունեցած է Չինաստանի «Հայըր–Պաս» հանրակառքի գործարանի փոխնախագահ Խուան Շու Պինի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ։ Մարգարեան շնորհակալութիւն յայտնած է Չինաստանի կառավարութեան՝ Հայաստանի նուիրած 249 հանրակառքերուն համար, որոնց մէկ մասը արդէն գործելու պիտի սկսին 24 Մարտին։
«Յոյսով եմ, որ Ձեր ընկերութեան արտադրութեան աւտոպուսները երկար կը ծառայեն մեր քաղաքին, եւ երեւանցիներն էլ սիրով կ՛օգտուեն դրանցից։ Մայրաքաղաքի թրանսփորտի ոլորտի զարգացման նոր հայեցակարգով ես նախատեսել ենք, որ ուղեւորափոխադրում իրականացնող մասնաւոր ընկերութիւններն աստիճանաբար անցնեն մեծ ու միջին տեղատարողութեամբ աւտոպուսներով սպասարկման», նշած է քաղաքապետը։
Չինական կողմին հետ քննարկուած է հանրակառքերու գործածութեան եւ թեքնիք բնոյթի այլ հարցեր, որոնց կարգին՝ վառելանիւթի նուազ սպառման, հաշմանդամ անձերու համար հանրակառքերու վրայ յատուկ սարքաւորումներու տեղադրման կարելիութիւնները։
Խուան Շու Պին պատասխանած է քաղաքապետին բոլոր հարցումներուն, ինչպէս նաեւ դիտել տուած է, որ իբրեւ աշխարհի հանրակառք արտադրող ամէնէն մեծ ընկերութիւնը՝ չինացի մասնագէտներու աջակցութեամբ ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի հանրակառքերը ճիշդ եւ երկար ժամանակով ծառայեն Հայաստանի մէջ։
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ յառաջիկային համապատասխան համաձայնագիրներ ստորագրելու եւ չինական ընկերութեան հետ համագործակցելու առնչուող հարցեր։