
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչներու համահայկական խորհրդաժողովի մասնակիցները Ուրբաթ, 23 Մարտին այցելեցին Ազգային Ժողով, ուր հանդիպեցան ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանին հետ:
Յովհաննիսեան երիտասարդ ղեկավար գործիչներուն ներկայացուց խմբակցութեան գործունէութիւնը եւ պատասխանեց յառաջիկայ ընտրութիւններուն, օրէնքներու գործադրութեան խանգարող ազդակներու, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ առկայ թերութիւններուն (յատկապէս հայ-թրքական յարաբերութիւններու գծով), ժողովրդավարութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, դրամագլուխի արտահոսքի ու արտագաղթի վերաբերող անոնց հարցերուն:
«Շատ լաւ հասկացել են Սփիւռքի մեր հայրենակիցները՝ երիտասդարդ կամ ոչ այնքան, որ այս հարցերը խորապէս փոխկապակցուած են: Դու չես կարող ազգային քո ծրագրերը, ձգտումներն իրականացնել կամ նոյնիսկ մօտենալ դրանց, եթէ սոցիալ-տնտեսական վիճակդ երկրում շարունակում է մնալ ճգնաժամային, շատ վատ եւ անկում ապրել», յայտնած է Յովհաննիսեան:
«Շատ մտահոգիչ է ինծի համար, կը մտածեմ, թէ ինչո՞ւ յոյս չկայ մեր երկրին մէջ: Կ՛ուզեմ, որ ամէն մարդ ցանկայ մնալ Հայաստան, նաեւ՝ որ Սփիւռքէն ալ գան եւ այստեղ բնակին», յայտնեց խորհրդաժողովի մասնակից՝ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանէն Սանան Շիրինեան: