ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Կարէն Անդրէասեան 22 Մարտին ընդունած է Մաշտոցի պուրակին մէջ տաղաւարներու տեղադրման դէմ բողոքող բնապահպան գործիչները։
Հանդիպման ընթացքին Անդրէասեան քննարկած է հարցին գծով գործիչներուն բերած նոր փաստերն ու հիմնաւորումները։
Ըստ աղբիւրին, գործիչները յայտնած են, որ նախապէս անոնք դիմած էին պաշտպանին՝ անոր ներկայացնելով զիրենք մտահոգող հարցերը, սակայն աւելի հրատապ կարգ մը նորութիւններու քննարկման համար կրկին հանդիպում խնդրած են։
Յաջորդ շաբաթ պաշտպանը կրկին պիտի հանդիպի բնապահպան գործիչներուն՝ արդիւնքերը քննարկելու նպատակով: