
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի, Մարտ 22ին հաղորդեց, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 46րդ ընտրատարածքի աթոռին իր թեկնածութիւնը առաջադրած Ատրին Նազարեանին: Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի նախնական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 5ին:
Նազարեան ներկայիս Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի անձնակազմին պետն է, պաշտօն մը՝ զոր ան վարած է նաեւ այն օրերուն, երբ Գրիգորեան Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ էր: Ան նաեւ հայ համայնքէն ներս գործօն ներկայութիւն մըն է:
«Մեր շրջանը կարիքը ունի աշխոյժ երեսփոխանի մը, որ ժողովուրդին եւ ոչ թէ այս կամ այն կուսակցութեան կարիքները կը բաւարարէ: Երկար տարիներէ ի վեր, նահանգին անդամալուծուած քաղաքական կեանքը, որ որոշ շրջանակի մը անմիջական շահերը պաշտպանելու համար աշխատած է, վնասներ կը հասցնէ մեր աշակերտներուն, ուսանողներուն եւ քաղաքացիներուն երկարամեայ շահերուն», կը յայտնէ Նազարեան:
Ատրին Նազարեան հասակ նետած է Սան Ֆերնանտօ հովիտին մէջ, տնտեսագիտութեան մէջ իր Պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն եւ մասնակցած է վարժողական շարք մը ծրագիրներու: Ան աշխատած է քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի գրասենեակին մէջ, իսկ Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Կրէյ Տէյվիսի կողմէ նշանակուած է Քալիֆորնիոյ առեւտուրի յանձնաժողովի յատուկ օգնական: Ան «Ֆերահեան» Ազգային վարժարանի 1991ի շրջանաւարտներէն է եւ եղած է ՀԵԴի ու ՀՄԸՄի անդամ:
«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ուրախ է նեցուկ կանգնելու իր անդամներէն մէկուն՝ Ատրին Նազարեանի, ընտրապայքարին՝ յուսալով, որ աւելի մեծ թիւով հայեր քաղաքական կեանքին գործօն մասնակցութիւն բերելու անոր օրինակէն կը վարակուին», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր ատենապետուհի Նորա Յովսէփեան:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի նոր սահմանուած 46րդ ընտրատարածքին մէջ կ՛իյնան Շըրմըն Օքսը, Թոլուքա Լէյքը, Սթուտիօ Սիթին, Վելի Վիլեճը, Վելի Կլենը, Վեն Նայսը, Նորթ Հոլիվուտը, Փանորամա Սիթին, Նորթ Հիլզը, Լէյք Պալպօան եւ Հոլիվուտ Հիլզը: