
ՇԻՔԱԿՕ, «Հայրենիք».- Կիրակի Մարտ 18ին, Շիքակոյի Կլենվիու շրջանի Հայ կեդրոնի ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ԱՄՆ Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու Կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչներուն միջեւ:

ՀՅԴ Բիւրօն կը ներկայացնէին Լիբանանէն ժամանած Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ ԱՄՆ Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Օրակարգի վրայ էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու երկու շրջանները յուզող հարցեր, Հայաստանի մէջ կատարուելիք խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը:
Ժողովի կազմակերպական աշխատանքը իր վրայ վերցուցած էր ՀՅԴ Շիքակոյի «Քրիստափոր» կոմիտէութիւնը: Այս առթիւ, նաեւ, շրջանի կոմիտէութիւնը կազմակերպած էր հանդիպում մը, ժամանող հիւրերուն եւ տեղւոյն գաղութին միջեւ: Այս ընդունելութիւն-հանդիպումը տեղի ունեցաւ կեդրոնի «Շահնազարեան» սրահին մէջ, Շաբաթ, Մարտ 17ի երեկոյեան: