
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս ծանօթ է, Ազգ. առաջնորդարանը տարեսկիզբին լոյս ընծայեց ծանօթ մտաւորական ու բազմավաստակ դաստիարակ Կարօ Պետրոսեանի նորագոյն հատորը՝ «Հայեցի Կրթութիւն Եւ Ճանապարհ»։
Հատորը գրասէր հանրութեան ներկայացնելու համար, առաջնորդարանը կը կազմակերպէ ողջունահանդէս մը, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Մարտ 28ին, երեկոյեան ժամը 8ին, առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։ Հատորին ներկայացումը պիտի կատարէ հանրածանօթ խմբագիր եւ ազգային գործիչ Յարութ Սասունեան։ Խօսք պիտի առնէ նաեւ հեղինակը, որ այնուհետեւ պիտի մակագրէ գիրքէն օրինակներ։
«Հայեցի Կրթութիւն Եւ Ճանապարհ» հատորին լոյս ընծայումը գործնական ընդառաջում մըն է Արամ Ա. կաթողիկոսի այն պատգամին, որ 2012ը կը հռչակէ Հայ Գիրքի Տարի։ Այս արժէքը լուսարձակի տակ բերելու համար, կը ծրագրուին նաեւ այլ նախաձեռնութիւններ։