ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
2012ին գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի «Նորաձեւութեան» 25ամեակին հետ համընկնող ձեռնարկը կը ստանայ իւրայատուկ շեշտ ու իմաստ, բովանդակութիւն ու խորհուրդ՝ բառին ամէնէն իսկական իմաստով:
Հաւատարիմ ՀՕՄի 100ամեայ բազմավաստակ, մշտակարկաչ, շարունակ իր գործունէութեան շրջանակը ընդլայնող ընթացքին՝ 37ամեայ «Սիփանը», անոր մէկ ճիւղը ըլլալով, համալրուած գիտակից ու նուիրեալ կանանց շարքերով՝ Նոր դարուն դիմաց հաւատարմօրէն կը ծածանէ ՀՕՄը խորհրդանշող երկնագոյն դրօշը, իբրեւ դարաւոր բարոյական արժէքներու պահապան ու զարգացման խորհրդանիշ, մղելով իր ժողովուրդի բարօրութեան յաղթարշաւներ, գրաւելով յաջողութեան բարձունքի կատարը, իրագործելով իրեն առջեւ ծառացած խնդիրները՝ շնորհիւ իր Նորաձեւութեան ձեռնարկին արձանագրած 25ամեայ յաջողութեանց։
ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ գործող ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղը Նորաձեւութեան ձեռնարկի նախաձեռնողն է, եւ այս հրաշալի գործը մեծ տարողութեան կը հասցնէ իր տեսադաշտին՝ օժանդակելու համար բոլոր ազգակիցներուն, հայապահպանման ամէնօրեայ մեր ճիգերը լաւագոյնս արդիւնաւորելու եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու՝ պահպանելով հայութեան մշակութային ինքնութիւնը։ Տալու ոգիով յատուկ հայ կինը, իր կարելիութիւնը կու տայ կարօտեալին՝ հայեացքը յառած Հայաստան Աշխարհին, Արցախին ու բռնագրաւեալ æաւախքին:
Իւրաքանչիւր հայու սիրտէն բխած անվհատ ծառայութեան ջահը սերունդէ սերունդ փոխանցուած եւ հասած է մեր օրերուն գործող ընկերուհիներու փաղանգին, որ այսօր կ՛իրականացնէ հաճելի ու օգտաշատ գործունէութիւն մը, որ արժանի է գնահատանքի։
Բի՜ւր շնորհակալութիւն «Սիփան»ի գործունէութեան ճամբու կերտումին եւ յաջողութեան օժանդակած բոլոր ազգակիցներուն եւ համակիր բարեկամներուն՝ հայապահպանման ամէնօրեայ մեր ճիգերը լաւագոյնս արդիւնաւորելու եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու համար։
2012ի Նորաձեւութեան ձեռնարկը, հովանաւորութեամբ GASKA Alliance Foundation-ի՝ Էդդի Գալուստեանի, Սետա Աղայեանի եւ Այտա Նորհատեանի, տեղի պիտի ունենայ Մարտ 24, 2012ին, «Եունիվըրսըլ Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ։ Հասցէն է՝ 555 Universal Hollywood Drive, Universal City, CA 91608: Հետաքրքրուողները կրնան կապ հաստատել՝ հեռաձայնելով Քրիստին Յովնանեանին՝ 818-246-6775, եւ Մաքօ Սեդրակեանին՝ 818-358-4425 թիւերով։
Հայ կնոջ սեփական ուժի, կարողականութեան, ինքնագիտակցումի, հաւաքական ուժի եւ ներդաշնակ աշխատանքի վառ օրինակ է 100ամեայ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որ նոր դարու սեմին կ՛առաջնորդէ հայ կեանքը Հայրենիքէն ներս եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Եւ միացեալ ուժով է, որ նշեալ ձեռնարկը կ՛արձանագրէ իր յաջողութիւնը:
Նորանոր յաջողութիւն, բարի երթ ու լուսաւոր ճանապարհ՝ ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղին։