
ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ԵՀԴՅ) կը յայտարարէ, թէ իր նախագահը՝ Հիլտա Չոպոյեանը, ընտրուած է Ֆրանսայի Ռոն Ալփ մարզի Շրջանային խորհուրդի անդամ: Իր նոր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու բերումով, Չոպոյեան հրաժարած է ԵՀԴՅ նախագահի իր պաշտօնէն:
Երեք տասնամեակներէ աւելի, Հիլտա Չոպոյեան գտնուած է Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներու ծիրէն ներս առաջատար դիրքերու վրայ: Վերջին տասնամեակին ան ծառայած է իբրեւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ: Իր գործակիցներուն հետ միասին, ան աշխատած է անձնուիրաբար եւ յաջողած է ունենալ կարեւոր իրագործումներ մեր ազգային հետապնդումներու մարզերէն ներս:
Անոր ներդրումով է, որ ԵՀԴՅն դարձաւ եւրոպահայութեան ձայնը՝ եւրոպական հաստատութիւններէն ներս: «Չոպոյեանին կը մաղթենք յաջողութիւն իր նոր ասպարէզին մէջ», նշուած է ԵՀԴՅի մամլոյ գրասենեակին յղած հաղորդագրութեան մէջ:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահութիւնը ստանձնած է Գասպար Կարապետեան՝ նախկին ատենապետ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ ԵՀԴՅ խորհուրդի անդամ: