ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» կը տեղեկացնէ, որ Լրագրող Ումայ Աքթաշ Սալման Երկուշաբթի, Մարտ 19ին ընդարձակ յօդուած մը գրած է Կէտիկփաշայի աւետարանական եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գործող Հայաստանեան դպրոցին մասին, ու անդրադառնալով հայաստանեան երեխաներու համար ընդունուած «հիւր աշակերտ» դրութեան՝ յայտնած է, թէ այդ կարգավիճակը չի լուծեր այս դպրոցի աշակերտներուն հարցերը։
«Կէտիկփաշա թաղին մէջ կօշկակարներու եւ կաշեգործներու խանութներուն քով, դէպի ծով իջնող զառիվերի վրայ կը գտնուի Հայկական Աւետարանական եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ պարտէզէն մանկական պոռչտուքի ձայներ կը լսուին ու երեխաներ փոքրիկ քայլերով կ՛իջնեն եկեղեցւոյ ներքնայարկը, որուն դուռը «տարբեր աշխարհ»ի մը կը բացուի։ Ներքնայարկի պատերուն վրայ գունաւոր խաւաքարտերով փակցուած են աշակերտներուն նկարները, իսկ միջանցքի մէջ հինգ սենեակներու դռներ կան։ Տուփի մը չափ դասասենեակներու մէջ, երբեմն երեք, երբեմն չորս հոգիով նստած՝ աշակերտներ կը հետեւին իրենց ուսուցիչներու բացատրութիւններուն։ Այստեղ փախստական հայաստանցիներու զաւակներուն դպրոցն է», կը գրէ յօդուածագիրը։ Դպրոցին մէջ ուսում կը ստանան 84 աշակերտներ, եւ ուսուցիչներ իրենց կարելին կ՛ընեն, որ անոնք անմասն չմնան իրենց հիմնական իրաւունքէն՝ ուսում ստանալէ, կ՛աւելցնէ Ումայ Աքթաշ Սալման:
Ան հետեւեալ նկարագրականով կ՛աւարտէ իր յօդուածը. «Տարիներ առաջ եկեղեցւոյ որբանոցին մէջ մնացած է սպանեալ լրագրող Հրանդ Տինք՝ իր երեք եղբայրներուն հետ: Ներկայիս որբանոցը կը ծառայէ որպէս Հրանդ Տինքի անուան հայաստանեան դպրոց։ Հայաստանցի երեխաները, հակառակ սահմանափակ կարելիութիւններուն, պոռչտուքներով կը վազվզեն միջանցքին մէջ։ Ֆիզիքական պայմանները սահմանափակ են հոս, բայց ուսուցչական կազմը գիրկ կը բանայ բոլոր փափաքողներուն»։