
ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՊԱԼԸՔՃԵԱՆ*
Նոր Մարաշի՝ Լիբանանի հայահոծ մէկ անկիւնին մէջ, 1934ին ծնունդ առած Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը մէկ մասնիկն է Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան առաքելութեան, եւ անոր տեսլականով յառաջ կը տանի մանկավարժական գործունէութիւն: Անոր նպատակը երրեակ եզրեր ունի՝ որակաւոր, հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեամբ, իրեն վստահուած հայ տղոց աւելի լաւ ապագայի մը առիթները բանալ:
Բազմաթիւ արժանաւոր հայորդիներ, հոգեւոր եւ կրթական մշակներ կերտած են «Շամլեան-Թաթիկեան»ի պատմութիւնը: Իր 78 տարիներուն ընթացքին, վարժարանը ծառայած է շրջանի հայութեան ամենակարիքաւոր խաւերուն՝ իր վրայ առնելով ընկերային եւ նիւթական մեծ յանձնառութիւններ, նոյն ատեն ապրելով լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ծանր օրերն ու կրելով այդ օրերուն հետեւանքները:
Վարժարանի շրջանաւարտներուն մեծամասնութիւնը, Լիբանանի մէջ թէ այլուր, իրեն կենցաղով, դիրքերով եւ կերտած կեանքով լաւագոյնս կը վկայէ վարժարանին առաքելութեան անհրաժեշտութիւնը, եւ արդարացուցած է անոր գոյութիւնը:
Պատերազմի օրերէն ետք դպրոցը շարունակեց երթարկուիլ զանազան ցնցումներու: Անիկա փակուելու վտանգէն ազատեցաւ՝ շնորհիւ իմաստուն եւ կտրուկ որոշումներու: Հազիւ ինքզինք գտնելու վրայ՝ Լիբանանի յաջորդական կառավարութիւնները պարտադրեցին ուսուցչական հատուցումներու յաւելումներ, որոնց վրայ քանիցս աւելցան սղաճին հետ կապուած յաւելումներ: Այս բոլորը բարդուեցան արդէն լրիւ կրթաթոշակ վճարելու անկարող ընտանիքներու յառաջացուցած բացին վրայ, եւ այսօր դպրոցը հազիւ թէ ոտքի կը մնայ, այդ ալ՝ շնորհիւ անհատ թէ միութենական բարերարներու: Հակառակ անձուկ պայմաններու, Աստուծոյ շնորհքով «Շամլեան-Թաթիկեան»ը տակաւին կը շարունակէ մեր տղոց եւ աղջիկներուն դիմաց բանալ իրենց տաղանդները ի յայտ բերելու առիթներ՝ ըլլան անոնք ամէնօրեայ պաշտամունքներու, մշակութային տոհմիկ մթնոլորտի («Սիփան» պարախումբով) կամ միջդպրոցական այլազան միջոցառումներու մասնակցութեամբ:
Այսօր, Պուրճ Համուտէն եւ անոր շրջակայքէն նոր, մատղաշ հայորդիներ կը վստահուին «Շամլեան-Թաթիկեան»ին, եւ դպրոցը աւելի քան երբեք, պէ՛տք է շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ի տես մեր ընկերութեան արժէքներու թաւագլոր անկումին եւ հայապահպանման ջանքերու կրկնապատկումի անհրաժեշտութեան: Ունինք 323 աշակերտներ, որոնք կու գան աւելի քան 200 ընտանիքներէ: Այս ընտանիքներէն ո՛չ մէկը կարող է կրթաթոշակը ամբողջութեամբ վճարել. կան տասնհինգ եւ աւելի ընտանիքներ ալ, որոնք նուազագոյն գումարն իսկ տալու կարողութիւնը չունին, որքան ալ չնչին ըլլայ անոնց կացութեան յարմարեցուած կրթաթոշակը: Իսկ դպրոցը, գիտակից իր առաքելութեան լրջութեան՝ իրեն դիմող ո՛չ մէկ հայորդի կը մերժէ:
Մեր տղոց եւ աղջիկներուն աւելի լաւ ապագայի մը առիթներ տալու համար, «Շամլեան-Թաթիկեան»ի շուրջ հա՛րկ է համախմբուիլ՝ իրբեւ շրջանաւարտներ եւ բարեկամներ, ու կարելի ամէն միջոցներով օգնել, որ անիկա կարենայ իր ստանձնած պարտականութիւնը լաւագոյնս կատարել: Առ այդ՝ բոլորդ հրաւիրուած էք ձեր ներկայութեամբ եւ նեցուկով արտայայտելու ձեր զօրակցութիւնը ձեր սիրելի վարժարանին:
Այս առիթով ծրագրուած է յատուկ հաւաք մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 31ի երեկոյեան, ժամը 7:30ին, Փասատինայի «Raffi’s Banquet» ճաշարանին մէջ (3887 E. Sierra Madre Blvd.): Տեղեր ապահովելու համար, դիմել Լիզա Ճիկէրեան-Մանոյեանին կամ Սիրան Թոքադլեան-Յարութիւնեանին, յաջորդաբար՝ (323) 717-2842 կամ (818) 317-7327 թիւերով:
Տոմսին գինը 30 տոլար է:
* Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհի