
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Մարտ 3ին, ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներուն համար կազմակերպուած էր դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին 2012ն «Հայ գիրքի տարի» հռչակուելուն, ինչպէս նաեւ Հայերէն տպագրութեան 500ամեակին առիթով, դասախօսութիւն մը ներկայացուց փրոֆ. Ռաֆֆի Սէթեան: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմինին կողմէ: