Ուրբաթ, Փետրուար 3ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Սթուտիօ Սիթիի «Պրիսթօ Կարտըն» սրահներէն մէկը, գեղեցկօրէն զարդարուած ծաղիկներով, մոմերով եւ Գրաճեան ընտանիքի նկարներով՝ կը սպասէր հրաւիրեալներուն: Այդ օրը, Վահէ եւ Ժորժէթ Գրաճեաններու ամուսնութեան 50ամեակն էր եւ իրենց զաւակները հաճելի անակնկալ մը պատրաստած էին՝ մէկ յարկի տակ մէկտեղելով իրենց ծնողաց մտերիմ բարեկամները, ազգականները եւ ազգային կեանքէն ներս գործակից ընկերները՝ անոնց հետ կիսելու համար իրենց ուրախութիւնը: Գրաճեաններու զաւակներուն կողմէ սիրալիր ընդունելութեան արժանանալէ ետք, հիւրերը իրենց հայեացքները ուղղած մուտքին՝ անհամբեր կը սպասէին յոբելեարներու գալուստին: Ժամը 8ին, տէր եւ տիկին Վահէ եւ Ժորժէթ Գրաճեանները մուտք գործեցին սրահ՝ անակնկալի գալով, աջ ու ձախ հարազատ բարեկամներ տեսնելով, եւ յուզումնախառն ուրախութեամբ ողջունեցին զանոնք:
Այնուհետեւ արուեստագէտ Արշակ Խնդիրեանի հաճելի երաժշտութեան ներքոյ, ներկաները վայելեցին նաեւ կատարեալ հիւրասիրութիւն: Օրուան խօսանկը՝ Հայկ Գամպուրեան, բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն, շնորհաւորեց մեծարեալները եւ որդիական ջերմ խօսքերով վեր առաւ անոնց մարդկային, ծնողական եւ ազգային բարեմաղթութիւններն ու յատկանիշները: Նաեւ, մէջ ընդ մէջ, սրամիտ անեքթոտներով հաճելի եւ ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծեց: Ապա ան հերթով խօսք տուաւ Եփրեմ արք. Թապագեանին եւ Մաքօ Մկրտիչեանին, որոնք շնորհաւորելէ եւ արեւշատութիւն մաղթելէ ետք, ազգային կեանքէն ներս ունեցած յարաբերութեանց եւ գործակցութեան հիման վրայ յայտնեցին իրենց տպաւորութիւններն ու վկայութիւնները՝ շեշտը դնելով Գրաճեաններու ունեցած նուիրումին ու ծառայութեան ոգիին՝ իրենց ընտանիքին, համայնքին ու ազգին հանդէպ:
Խօսք առաւ յոբելեաններու դուստրը՝ Վերա Գրաճեան-Գամպուրեան, որ իր եղբօր՝ Խաչիկ Գրաճեանի ու քրոջ՝ Պեթի Գրաճեան-Մոմճեանի կողմէ, շնորհաւորեց ծնողքը եւ երկար ու երջանիկ կեանք մը մաղթելէ ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց զիրենք ծնած, սնած, մարդկային եւ ազգային արժէքներով դաստիարակած ըլլալնուն համար: Տեղին է յայտնել, որ Վերան, իր ամուսնոյն հետ, գլխաւոր դերակատարը եղաւ Սան Հոզէի մէջ ՀՕՄի «Ակնունի» մասնաճիւղի ստեղծման: Ծնողաց բարեգործ քայլերուն հետեւող զաւակներրը, հաւատալով իրենց մօր պատկանած կազմակերպութեան՝ ՀՕՄի առաքելութեան, նաեւ ՀՕՄի հանդէպ իրենց հօր ունեցած սիրոյն եւ վստահութեան՝ որոշած են փոխան նուէրի՝ նուիրատուութիւնները կատարել ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի «ՀՕՄի տուն գնելու հիմնադրամ»ին:
Գրաճեան ամոլն ու զաւակները կը խոստանան հետզհետէ բարձրացնել մէկտեղուած գումարը: Սոյն ազնիւ վերաբերմունքին համար, ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Մարօ Փափազեան խօսք առնելով՝ նախ շնորհաւորեց յոբելեարները, շնորհակալութիւն յայտնեց զաւակներուն՝ անհատականը ընդհանրականին ծառայեցնելու համար, եւ մաղթեց, որ տրուածը հազարապատկուելով վերադառնայ իրենց, առողջութեան, յաջողութեան եւ ազգային իտէալներու իրագործման ճանապարհով:
Վերջաւորութեան խօսք առին նաեւ մեծարեալները, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին ներկաներուն այս գեղեցիկ ու անմոռանալի անակնկալը պարգեւած ըլլալնուն համար:
Երեկոն երաժշտութեամբ, բարի ու ազնիւ խօսքերով լիացած՝ վերջ գտաւ եւ ներկաները ոչ միայն լաւ յուշեր ու յոբելեարներուն անունը կրող շիշ մը գինի տարին իրենց հետ, այլեւ՝ անհատականը ընդհանրականին ծառայեցնելու գեղեցիկ օրինակը: Այս առթիւ կատարուած նուիրատուութեանց գումարն է՝ 5600 տոլար: ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութիւնը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ Վերային, Պեթիին, Խաչիկին եւ իրենց ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր նուիրատուներուն:
Այս ուրախ առիթով, տէր եւ տիկին Վահէ եւ Ժորժէթ Գրաճեանները 500 տոլար կը նուիրեն մեր բոլորին սիրելի «Ասպարէզ» օրաթերթին:
(Թղթակցութիւնը ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութենէն)
ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՎԱՀԷ ԵՒ ԺՈՐԺԷԹ ԳՐԱՃԵԱՆներու ամուսնութեան 50 ամեակի ուրախ առիթով, փոխան նուէրներու հետեւեալ նուիրատուութիւնները կատարուած են ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղին, որոնց համար մասնաճիւղի վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ:
Mr. & Mrs. Levon Arabian $500
George, Sossi & Sara Beirian $500
Mr. & Mrs. Garo Avakian $300
Mr. & Mrs. Hrayr Bederian $250
Mr. & Mrs. Yeghia Agopian $200
Mr. & Mrs. Zohrab Kejejian $200
Mr. & Mrs. Asadour Kouyoumjian $200
Mr. & Mrs. Elias Nasr $200
Mr. & Mrs. Bedros Seferian $200
Mr. & Mrs. Vartkes aTomassian $200
Anonymous $175
Dr. & Mrs. Missak Barsamian $150
Dr. & Mrs. Vicken Kargodorian $150
Mr. & Mrs. Harout Mahserdjian $150
Mr. & Mrs. Sam Apelian $100
Mr. & Mrs. Vasken Arzoumanian $100
Mrs. Ashghen Bedrossian $100
Mrs. Hermine Belekian $100
Mr. & Mrs. Taniel Daghlarian $100
Mr. & Mrs. Levon Dekermendjian $100
Mrs. Ani Guiragossian $100
Mrs. Zarmine Hagopian $100
Mrs. Flora Kacherian $100
Mrs. Seta Kejejian $100
Mr. & Mrs. Harout Keusseian $100
Mr. & Mrs. David Kouyoumdjian $100
Mrs. Mako Mgrdichian $100
Mr. & Mrs. Berj Missirlian $100
Lena & Anais Momjian $100
Mr. & Mrs. Edi Nasr $100
Mr. & Mrs. Ara Papazian $100
Mr. & Mrs. Vartan Poladian $100
Mr. & Mrs. Kapriel Prinjian $100
Mr. & Mrs. James Thiele $100
Anonymous $100
Mr. & Mrs. Krikor Kheshvadjian $75
Ms. Seta Mardirossian $50