ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 115ամեակը նշուեցաւ «գանգրահեր տղաներու» երթով՝ դէպի բանաստեղծի յուշահամալիր: 15 Մարտին կայացած այս հանդիսութեան ընթացքին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը ըսաւ. «Չարենցը իր ապրած ժամանակահատուածում առիթ չունեցաւ նշելու իր ծննդեան տարեդարձը, նոյնիսկ այդ օրը նրան հեռացրեցին Հայաստանի Գրողների միութիւնից»։ Ան աւելցուց, որ Չարենցի նուիրուած նախաձեռնութիւններ տեղի պիտի ունենան ամբողջ տարուան ընթացքին։ «Չարենցը, գիտակցելով իր դերը՝ պիտի գրէր, թէ ի՛նչ ունէինք անցեալում, եւ թէ ի՛նչ պիտի ունենայինք ապագայում», նշեց Լեւոն Անանեան:
Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Դաւիթ Գասպարեան իր կարգին յայտնեց, որ պէտք է համախմբել Չարենցի ամբողջ ստեղծագործութիւնները եւ ամբողջացնել զանոնք։ «Չարենցի ժառանգութիւնը լիովին յանձնուած չէ համապատասխան արխիւների եւ դրա համար անհրաժեշտ է ժամ առաջ ձեռք բերել դրանք, ուսումնասիրել եւ ներկայացնել հասարակութեանը», դիտել տուաւ Դաւիթ Գասպարեան՝ աւելցնելով, որ վերջին 3 տարիներուն ընթացքին իր կատարած չարենցեան վերծանումները շուտով լոյս պիտի տեսնեն:
Ձեռնարկին ընթացքին հնչեցին Չարենցի բանաստեղծութիւնները։