ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանի յատկացուող 1 միլիոն 700 հազար արժողութեամբ ծրագիրի գլխաւոր բաղադրիչին՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան նպաստող գործողութիւններուն մեկնարկը կատարուեցաւ 15 Մարտին։ ԵԱՀԿի երեւանեան գրասենեակի ղեկավար, դեսպան Անտրէ Սորոքինի ու Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Կարէն Անդրէասեանի միջեւ ստորագրուեց համաձայնագիր, ըստ որուն, հանրապետութեան 6 մարզերուն մէջ պիտի հաստատուին Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակներ, որոնց կրնան դիմել նախընտրական շրջանին կամ ընտրութեան ընթացքին անիրաւութիւններու հանդիպած անձերը։
«Հայաստանի կառավարութիւնը խոստացած է լաւ ընտրութիւններ կազմակերպել ու մենք կ՛օգնենք, որպէսզի կարելի ըլլայ ազատ ու արդար ընտրութիւններ կայացնել, որպէսզի ստանաք «աւելին աւելիի» դիմաց, ինչ որ հիմք կը հանդիսանայ Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան խորացման», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Հայաստանի մէջ Եւրամիութեան պատուիրակութեան ժամանակաւոր պաշտօնակատար Օննօ Սիմընզ: Անոր համաձայն, Եւրոպական միութեան նպատակն է օժանդակել, որպէսզի կարելի ըլլայ եւրոպական չափանիշներուն համապատասխանող ընտրութիւններ կայացուին Հայաստանի մէջ։
Ծրագիրը պիտի երկարի 19 ամսուան վրայ, որմէ ետք կ՛ակնկալուի, որ Հայաստանի կառավարութեան միջոցներով շարունակեն գործել այդ գրասենեակները, ըսաւ եւրոպացի պաշտօնատարը։
Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Կարէն Անդրէասեան իր կարգին յստակացուց, որ այս ծրագիրով կը նախատեսուի 1 միլիոն 700 հազար եուրոյի յատկացում, իսկ այդ բաղադրիչին համար կը յատկացուի 278 հազար եուրօ՝ իբրեւ աշխատավարձ, ինքնաշարժի ծախս եւ այլն։
Ըստ անոր, արդար եւ անկախ ընտրութիւններու կայացման համար քաղաքացիներուն տրամադրութեան տակ դրուած է 116 «տաք գիծ»ը։ Ան խրատեց քաղաքացիները որեւէ խախտումի պարագային կապուիլ այս թիւին։