
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Պոլսոյ մէջ կայացող «Ֆիլմմօր» կանանց միջազգային 10րդ փառատօնի շրջագիծով պիտի ցուցադրուի նաեւ բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանի «Մեծմօրս Դաջուածքները» վաւերագրական շարժապատկերը, որ կը պատմէ հեղինակին մեծ մօր մասին, որ Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողներէն է։
Ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Մարտ 15ին, Պէյօղլուի (Փերա) «Ֆիթաշ» սրահին մէջ, իսկ յաջորդ օրը՝ Մարտ 16ին, Պոլսոյ «Մօտեռն» սրահին մէջ:
Շուէտահայ բեմադրիչը ուրախ է, որ իր ժապաւէնը պիտի հասնի նաեւ թուրք հանդիսատեսին։ «Ժապաւէնը կրնայ երկխօսութեան հարթակ հանդիսանալ՝ քննարկելու համար այն հարցերը, որոնց մասին դժուար է խօսիլ։ Իրականութեան մէջ անիկա հրաւէր մըն է պայքարելու մեր մէջ արմատացած թապուներուն դէմ։ Թապուներ՝ որոնք վնաս կը պատճառեն թէ՛ հայերուն եւ թէ թուրքերուն», ըսած է Սիւզան Խարտալեան։ Ան նշած է, որ մեծապէս կը յուզուի ժապաւէնին խիստ անձնական շարժապատկեր մը ըլլալուն համար։ «Երբ կը պատրաստուէի նկարահանումներուն, երկար խորհելէ ետք հասկցայ, որ պէտք է ընեմ ատիկա։ Ժապաւէնը մեծմօրս մասին է, բայց նոյնքա՛ն ալ իմ մասիս է… իմ այսօրուան իրականութեան մասին է», դիտել տուած է Խարտալեան։