ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէճանի ազգային ապահովութեան նախարարութեան աշխատակիցները Չորեքշաբթի, Մարտ 14ին ձերբակալած են 22 կասկածելիներ, այն ամբաստանութեամբ, որ անոնք «Իրանի համար լրտեսութիւն կը կատարէին»:
Ատրպեճանական լրատուական գործակալութեանց համաձայն, ձերբակալուածները նաեւ կը մեղադրուին «Ատրպէյճանի հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը խախտելու, ազգային ապահովութեան սպառնալիք ստեղծելու եւ Իրանի պաշտօնական մարմիններուն օժանդակելու» յանցանքներով:
Յատկանշական է, որ նման հիմնաւորումով այս զանգուածային ձերբակալութիւնը, որ ի դէպ առաջինը չէ, տեղի ունեցած է Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուած յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւի Մարտ 12ի Իրան կատարած այցելութենէն անմիջապէս ետք: Փորձագէտներու կարծիքով, Պաքուի այս քայլը պատասխան մըն է Իրանին, որովհետեւ Ապիեւ հարկաւոր համաձայնութեան մը չէ հասած Թեհրանի մէջ:
Յիշեցնենք, թէ Ապիեւ Իրանի մէջ երաշխիքներ տուած էր, թէ Իրանի վրայ որեւէ յարձակում Ատրպէյճանի միջոցաւ պիտի չկատարուի, եւ վստահեցուցած էր, թէ Իսրայէլէն գնած իր 1.6 միլիառ տոլարի զէնքերը Իրանի դէմ պիտի չգործածուին: