
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հասած է այն եզրակացութեան, որ Արցախի հարցով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին տարած աշխատանքը դիւանագիտական աշխատանքի ամենաարդիւնաւէտ օրինակներէն մէկն է: Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով ընդգծեց, որ Մինսկի խմբակը իր գործունէութեան ընթացքին կրցած է ձեւաւորել ամենածանր հակամարտութիւններէն մէկուն վերաբերեալ համաձայնագիրներու աշխատունակ հարթակ: «ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին մէջ Ռուսիո դերը յայտնի է բոլորին: Ան յատուկ դեր մըն է: Կ՛ուզեմ նաեւ ընդգծել, որ Ռուսիոյ նախագահը ներառուած է այդ գործընթացին մէջ: Հակամարտութեան կարգաւորումը կախուած է հակամարտող կողմերու քաղաքական կամքէն», աւելցուցած է ան: