ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ Օգնութեան Հիմնադրամի Ջաւախքի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկի թուականը կը մօտենայ (մանրամասնութեան մասին՝ տես էջ 12ի հաղորդագրութիւնը): Յանձնախումբի անդամները անցեալ տարիներուն յաջողած են իրենց շուրջ հաւաքել համակիրներու ու զօրակցողներու մեծ խումբ մը, որ հետեւողականօրէն կը ներկայանայ ու ամէն տարի իր նիւթական ներդրումը կը բերէ Ջաւախքի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն:
Գնահատելի այս աշխատանքը ընդարձակուելու, ծաւալելու խնդիր ունի: Ջաւախքի կարիքները այնքա՛ն մեծ են ու այնքա՛ն հրատապ: Հայաթափուելու վտանգը ամէն օր անոր դուռը կը թակէ: Հասարակական, քաղաքական, մշակութային բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը բարդուին ժողովուրդի ընկերային-տնտեսական հազար ու մէկ դժուարութիւններուն վրայ:
Այո՛, Ջաւախքի Հիմնադրամը առանձինն անկարող է այս խնդիրներուն նոյնիսկ մէկ փոքր մասը լուծելու: Այսուհանդերձ, հպարտութեամբ պէտք է արձանագրենք, որ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգները այն հազուագիւտ շրջաններէն է, որ գործի ահագնութենէն փոխանակ անճրկելու, կը փորձէ միջոցներ գոյացնել ու յստակ ծրագիրներ իրականացնել:
Այս հանգրուանին, սակայն, պէտք է օգնել Հիմնադրամին, որ կարենայ «Ջաւախքի ձեռնարկ»ը ընտանեկան այս շրջանակէն դուրս բերել, նոր հովանաւորներ աւելցնել «հին»երու շարքին եւ ինչո՛ւ չէ՝ նոր ծրագիրներու մասին մտածել, հանգանակային նոր ձեւեր որդեգրել:
Օգնութեան առաջին ձեռք երկարողները պիտի ըլլան նոյն ընտանիքի անդամները, որոնք իրենց շրջապատը ներգրաւելու յաւելեալ ճիգ պէտք է թափեն: