«Սեռերու միջեւ հաւասարութիւն 2012» զեկուցումին համաձայն, Հայաստան թէեւ բաւական աւելի վար դիրքերու վրայ է Եւրոպայի հետ բաղդատած, սակայն տարածաշրջանին մէջ լաւ տեղ կը գրաւէ։ 154 երկիրներ նկատի ունեցող այս զեկուցումը պատրաստած է «Սոշըլ Ուո»չ միջազգային կազմակերպութիւնը:
Հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ կիներուն եւ տղամարդոց միջեւ հաւասարութեան պատկերը՝ կրթութեան, տնտեսութեան եւ քաղաքական իրաւունքներու բնագաւառներուն մէջ: Գնահատականը տրուած է 100 կէտի սկզբունքով, սակայն երկիրներէն ոչ մէկը 90 կէտ հաւաքած է:
Հայաստանը ստացած է 70 կէտ՝ 3 կէտով ետ մնալով միջին եւրոպական ցուցանիշէն։ Մինչ այդ, 72 կէտով ցանկին 50րդ դիրքը կը գրաւէ Միացեալ Նահանգներ:
Հայաստանի մէջ կրթութեան իմաստով կիներուն եւ տղոց միջեւ հաւասարութիւնը հասած է առաւելագոյնի՝ 100 կէտի, տնտեսական՝ 74 կէտ, իսկ իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու ծիրին մէջ՝ միայն 36 կէտ։