
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի, Մարտ 8 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ ծերակուտականներ Սքաթ Պրաուն, Տայեն Ֆայնսթայն եւ Մարք Քըրք Ծերակոյտին ներկայացուցած են Թուրքիայէն եկեղեցիներու եւ եկեղեցական կալուածներու ու ստացուածքներու վերադարձը պահանջող բանաձեւ մը, որ նման է Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Դեկտեմբերին վաւերացուած բանաձեւին:
Ծերակուտականները նաեւ դիմած են արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին, պահաջելով, որ ճնշումներ բանեցնէ Թուրքիոյ իշխանութեանց վրայ՝ ապահովելու համար բռնագրաւեալ եկեղեցիներու եւ կալուածներու վերադարձը, ինչպէս նաեւ կրօնական փոքրամասնութիւններու ազատութիւնները:
Այս բանաձեւով Թուրքիայէն կը պահանջուի վերադարձնել քրիստոնեայ բոլոր փոքրամասնութիւններէն

բռնագրաւուած

եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ եկեղեցապատկան այլ կառոյցներ՝ դպրոցներ,
հիւանդանոցներ, յուշարձաններ ու շարժական գոյք:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան
ողջունեց այս քայլը՝ կոչ ընելով երկու կուսակցութիւններու անդամ ծերակուտականներուն, որ բանաձեւին նեցուկ կանգնելով՝ ապահովեն անորարագ վաւերացումը: