
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի եւ Կլենտէյլի համայնքային համալսարանի համագործակցութեամբ, Շաբաթ, Մարտ 3ին տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որ նուիրուած էր Արցախին:
«Արցախ՝ անկախութենէն պետականութիւն» խորագիրով գիտաժողովը տեղի ունեցաւ նշեալ համալսարանի գլխաւոր սրահին մէջ, մասնակցութեամբ խումբ մը մտաւորականներու եւ դասախօսներու: Ներկայ էր աւելի քան 400 հոգի:
Ամբողջ օրուան մը ընթացքին կայացած գիտաժողովը բաժնուած էր երեք գլխաւոր մասերու: Առաջին հանգրուանը յատկացուած էր ինքնորոշման պայքարին ու ապագայ սերունդներուն վրայ անոր ազդեցութեան: Ընթացքին ելոյթներ ունեցան դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեան եւ դոկտ. Ալինա Դուրեան, իսկ համադրողն էր Վաչէ Թոմասեանը:

Երկրորդ բաժինը յատկացուած էր Արցախի բնակչութեան մասին Ատրպէյճանի ապատեղեկատուական քարոզչութեան, որուն ընթացքին ելոյթներ ունեցան Ռուբէն Կալիչեան ու դոկտ. Ստեփան Աստուրեան: Համադրողն էր դոկտ. Լեւոն Մարաշլեան:
«Արցախի անկախութիւնը. անվերադառնալի ճամբայ» խորագրուած երրորդ բաժինին ընթացքին ելոյթներ ունեցան Դաւիթ Իշխանեան եւ Արա Պապեան, իսկ համադրողն էր դոկտ. Ռազմիկ Շիրինեան:
Ամբողջ գիտաժողովին ընթացքին շեշտուեցաւ Արցախի ժողովուրդն ու պետութիւնը հզօրացնելու

հրամայականը, միաժամանակ նշուեցաւ, թէ աշխատանքը պէտք է շարունակուի՝ դէմ դնելու համար պատմութիւնը խեղաթիւրելու նպատակով Ատրպէյճանի իշխանութեանց փորձերուն: Նաեւ շեշտուեցաւ, թէ Արցախի հզօրացումը պէտք է համահայկական զօրակցութիւն ստանայ:
Գիտաժողովին մասին պատրաստուած տեսաերիզը կարելի է դիտել www.youtube.com/watch?feature=player_embedded&v=yckO1o3YZMQ կայէքջին վրայ: