
ԹՈՐՈՆԹՕ, «Հորիզոն».- Մարտ 8ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ նամակարշաւի հաւաք մը, ի նպաստ թուրք հրատարակիչ իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուի: Նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ Արմէն Գարօ ուսանողական միութեան կողմէ: Նամակներուն մէջ կոչ կ՛ուղղուի Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Պէյրտի, որ իբրեւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Գանատայի արտաքին գործոց նախարար, ճնշում բանեցնէ Անգարայի իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի ազատ արձակուի Զարաքօլուն:
Նշենք, որ Զարաքօլուն թրքական պետութեան թիրախը դարձաւ 1 Նոյեմբեր, 2011ին, երբ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ ըլլալու մեղադրանքով ձերբակալուեցաւ: