ԵՐԵՒԱՆ.- Վերաբաշխում կատարելով 2012 թ. պետական պիւտճէին մէջ, փոփոխութիւններ եւ լրացում՝ նախապէս տրուած որոշումներուն մէջկառավարութիւնը այսօր գումար յատկացուցած է Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութեան, որպէսզի Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ դպրոցներու եւ բնակելի կառոյցներու կիսատ մնացած աշխատանքները ամբողջացուին, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք տրամադրել ծնողազուրկներուն, որոնք ա՛լ չեն կրնար որբանոցներուն մէջ մնալ։
Յաջորդիւ տրուելիք որոշումով 113 միլիոն 32 հազար դրամ կը յատկացուի նոյն նախարարութեան՝ աղէտի գօտիին մէջ կառուցուած բազմաբնակարան շէնքերու, բնակարաններու, բնակելի տուներու եւ այս բոլորը պետութեան մօտ արձանագրելու համար:
Այս մասին խօսելով՝ Տիգրան Սարգսեան ըսած է. «Մենք փաստօրէն Մարալիկում հարցը լուծում ենք, Երեւանում լուծում ենք ծնողազուրկ երեխաների հարցը: Ագարակում, Մեղրիում էլ ունենք ծնողազուրկ երեխաներով ընտանիքներ, որոնց նկատմամբ ունենք պարտաւորութիւն»:
Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարին համաձայն, Հայաստանի մէջ կայ 311 երեխայ, որոնց 111ն առանց ծնողական խնամքի մնացած են, իսկ 200ը՝ մանկատան շրջանաւարտներ են: Նախատեսուած է Երեւանի, Վանաձորի, Գիւմրիի եւ Մարալիկի մէջ լուծել այս հարցը. այս գծով ալ քաղաքաշինութեան նախարարութեան հետ համապատասխան աշխատանքները կը շարունակուեն Սիւնիքի մարզին մէջ։
Վարչապետը առաջարկած է հարցի լուծման համար օգտագործել պետական անբնակելի շէնքները, ինչպէս նաեւ տակաւին ամբողջովին չաւարտած շինութիւնները։
«Շիրակի մարզում ընդհանրապէս այդ անաւարտ շէնքերը շատ են, պէտք է դրանցով էլ զբաղուել, նաեւ մասնաւոր հատուածին տրամադրուած շէնքեր կան, անաւարտ են մնացել, բնակիչները լքել են երկիրը, բայց շէնքերը մնացել են«, դիտել տուած է վարչապետը՝ աւելցնելով. «Երէկ մենք Արթիկում էինք, լաւ վիճակում գտնուող շէնքեր կան, որոնք մնացել են տարբեր հանրապետութիւնների ցուցաբերած օգնութիւնից, բայց անաւարտ են, ու մարդ էլ չի ապրում: Պէտք է դրանց ապագայի մասին էլ մտածել: Պէտք է ձեռք բերենք, քաղաքացիներից գնենք այդ շէնքերը եւ տրամադրենք կարիքաւորներին»: