
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան 7 Մարտին իր մասնակցութիւնը բերած է «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կենդրոնի մանկական կրծքային վիրաբուժութեան բաժանմունքի վերաբացման:
Յետ այսու այս բաժանմունքը պիտի կրէ Հայաստանի մէջ մանկական վիրաբուժութեան դպրոցի հիմնադիրներէն, վիրաբուժական բաժանմունքի ղեկավար փրոֆ. Ալբերտ Վանեանի անունը։ Այս կառոյցը, որ հանրապետութեան մէջ միակն է իր տեսակով, հիմնադրութենէն ի վեր՝ 1982էն, չէ նորոգուած։ Այս կեդրոնին մէջ տարեկան դրութեամբ բուժման կ՛ենթարկուին 400 հիւանդներ, իսկ 300 ուրիշներ կը վիրահատուին։
Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ներկաներուն հետ շրջագայած է կեդրոնին մէջ, ծանօթացած տարբեր բաժանմունքներուն, արդիական սարքերով օժտուած բժշկական սրահներուն եւ սենեակներուն։ Ան նաեւ բարի ապաքինում մաղթած է բուժուող մանուկներուն եւ նուէրներ տրամադրած անոնց։ Շնորհաւորելով անձնակազմը՝ քաղաքապետը լուսարձակի տակ առած է Հայաստանի իրականութեան մէջ այս կեդրոնին կարեւոր դերակատարութիւնը։
«Ի հարկէ, շատ կը ցանկանայինք, որ մեր երեխաները առողջական խնդիրներ երբեւէ չունենան, բայց եւ բուժման անհրաժեշտութեան դէպքում կարեւոր է, որպէսզի այն իրականացուի բարձրակարգ մասնագէտների կողմից եւ, որ ոչ պակաս կարեւոր է, ամբողջովին նորոգուած եւ յարմարաւէտ պայմաններում», նշած է քաղաքապետը։
Վերանորոգութեան եւ անհրաժեշտ գոյքերու ձեռքբերման համար բժշկական կեդրոնը սեփական միջոցներէն յատկացուցած է աւելի քան 116 միլիոն դրամ։ Մանուկներուն համար հաճելի մթնոլորտի ստեղծման համար բաժանմունքին մէջ աշխատանքներ տարած են նաեւ Հենրիկ Իգիթեանի անուան գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի սաները: