ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 6 Մարտի կէս գիշերէն սկսեալ կ՛արգիլուի Հայաստանի ազգային փոխադրամիջոցներէն մէկը նկատուող «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութեան թռիչքները դէպի Ռուսիա։ Այս որոշումը տրուած է «Ռոսաւիացիա» ընկերութեան «Արմաւիա»ի ունեցած պարտքերուն պատճառով։
«Ռոսավիացիա»էն՝ Ռուսիոյ փոխադրութեան նախարարութեան Օդային փոխադրութեան դաշնային գործակալութեան փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, նախորդ տարուան Դեկտեմբեր ամսուան համար «Արմաւիա»ն արդէն 178 հազար տոլար պարտական է։ «Արմաւիա»ն տակաւին այս տարուան Յունուար եւ Փետրուար ամիսներուն համար պարտք ունի «Ռոսաւիացիա»ին։
«Ռոսավիացիա»ի պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան համաձայն, իրենք նախօրօք եւ քանի մը անգամ զգուշացուցած են «Արմաւիա»ի ղեկավարութիւնը՝ յայտնելով, որ եթէ ժամանակին իրենց վճարումները չկատարեն, թռիչքները պիտի արգիլուին։ Բայց եւ այնպէս «Արմաւիա» ընկերութիւնը չէ հակազդած ու «Ռոսաւիացիա»ն գտնուած է թռիչքները արգիլելու հարկադրանքին տակ։
Բայց եւ այնպէս, հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ վերջին վայրկեանին եւ որոշումը տալէ ետք «Արմաւիա»ի ղեկավարները կապուած են իրենց եւ երաշխաւորած, որ շուտով պարտքերը պիտի տան։ Առ այդ, մինչեւ 20 Մարտ առիթ տրուած է հայկական ընկերութեան, եւ թռիչքները վերսկսած են։
«Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ 6 Մարտի վաղ առաւօտեան՝ ժամը 6:45էն (Հայաստանի ժամանակացոյցով) դադրած են «Արմաւիա»ի թռիչքները դէպի Մոսկուա եւ Ռոստով։
Օրուան առաջին կէսին «Արմաւիա»ի մամուլի պատասխանատու Նանա Աւետիսովան լրագրողներուն փոխանցեց, որ նոյն օրը առաւօտեան ընկերութիւնը բաց գործադուլի յայտարարած է՝ ««Զուարթնոց» օդանաւակայանի կողմից սպասարկման գների բարձրացման պատճառով»: Պատասխանատուն չէ ուզած յստակ պատասխան տալ ռուսական ընկերութեան հետ «Արմաւիա»ի վերաբերող հարցումին։
«Զուարթնոց» միջազգային օդակայանը կառավարող ընկերութեան՝ «Արմէնիա»ի հանրային կապերու պատասխանատու Գէորգ Աբրահամեան, իր կարգին լրագրողներուն փոխանցած է, որ վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին օդակայանի սպասարկման գիները չեն բարձրացած, աւելի՛ն, ան նշած է, թէ «Արմաւիա»ն՝ իբրեւ ազգային փոխադրութեան միջոց, նուազ գիներով սպասարկութիւն կը ստանայ։