
ՊՈԼԻՍ, «Ակունք».– Թուրքիոյ Ատըյեաման եւ Մալաթիա նահանգներուն մէջ՝ Նեմրութ լերան ստորոտը Երուանդունիներու դամբարանի ապագային շուրջ վիճաբանութիւն ծայր առած է, քանի որ Մալաթիան կ՛ուզէ պատմական լեռը օգտագործել իր սեփական զբօսաշրջային ծրագիրին համար, բայց Մալաթիան եւ Ատըյեամանը այժմ «կը կիսեն» տարածքը՝ իբրեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան ծրագիրի մաս:
Ատըյեամանի համանուն վարչական կեդրոնի քաղաքապետը վիճելի հարցը ներկայացուցած է դատարան: Անոր համաձայն, շրջանի Մշակութային վայրերու պահպանութեան ընկերակցութիւնը Նեմրութ լերան համար ճշդած է նոր սահման, որ, ըստ ընկերակցութեան, կրնայ պատճառ ըլլալ ԵՈՒՆԵՍՔՕի ժառանգութեան ծրագիրէն Նեմրութին դուրս մնալուն:
Նշենք, որ 2134 մեթր բարձրութեամբ Նեմրութը յայտնի է իր բացառիկ գագաթով եւ հայկական թագաւորական դամբարանի աւերակներով: Նեմրութի հնութիւններուն մասին գրելով՝ թրքական թերթը հայերուն հետ անոր կապին մասին կը նշէ միայն այն, որ այնտեղ կան յունական, հայկական եւ իրանական աստուածներու արձաններ, որոնց գլուխները հիմա առանձնացուած են մարմիններէն: Կը խօսուի նաեւ Երուանդունիներու տոհմէն Անտիոքոս Ա. Կոմմագենացիի մասին, որ կառուցած է դամբարանը: