ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան Փետրուար 28ին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին յայտնեց, թէ Հայաստանը ունի միլիոնաւոր հատորներով գրականութիւն, իսկ թուայնացումը բաւական բարդ գործընթաց է: «Մենք 2001ին սկսեցինք թուայնացնել Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի, Երեւանի Պետական համալսարանի, Հայաստանի Ազգային Գիտաբժշկական եւ Գիտապալատի գրադարանները: Այժմ մենք ունենք մօտ 1 միլիոն թուայնացուած գրառումներ», յայտարարեց Զարգարեան եւ տեղեկացուց, որ Հայաստանի գրադարաններու թուայնացման գործընթացին կ՛աջակցին Բաց հասարակութեան ուսումնարանը, մշակոյթի նախարարութիւնը, ԳԱԱն, կառավարութիւնը եւ այլն: Զարգարեան չխօսեցաւ այս նպատակին համար յատկացուող յստակ գումարներու մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.