ԵՐԵՒԱՆ.– Միաւորուած Աշխատանքային կուսակցութեան (ՄԱԿ) նախագահ Գուրգէն Արսէնեան Փետրուար 29ին կայացած կուսակցութեան համագումարին ընթացքին յայտարարեց, թէ ՄԱԿը ընտրութիւններուն կը մասնակցի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան կազմին հետ: Արսէնեան նշեց, որ իրենց աշխատանքային համակարգը շատ մօտ է ԲՀԿին. այդ պատճառով ալ իրենք որոշում տուած են ընտրութիւններուն ներկայանալու «Բարգաւաճ Հայաստան»ի ցանկով։
Համագումարի մասնակիցները ծափողջոյններով արձագանգեցին այս որոշումին եւ քուէարկեցին յօգուտ անոր։
ՄԱԿի համագումարին կը մասնակցէին նաեւ ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան, արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան եւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նաիրա Զոհրաբեան: Համագումարին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան, որ նշեց, թէ ԲՀԿի եւ ՄԱԿի նպատակն է ունենալ բարեկեցիկ պետութիւն: Ան նշեց նաեւ, որ ԲՀԿ ընտանիքը կը համալրուի եւ իրենք տէր պիտի կանգնին իրենց քուէին ու միասնաբար հասնին յաջողութիւններու: