ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Միջուկային անվտանգութեան կարգաւորման պետական կոմիտէն, «Բժշկակենսաբանական միջազգային յետբուհական ուսումնական կեդրոն» պետական կազմակերպութիւնը ճառագայթային նիւթերով գիտահետազօտական աշխատանքներ կը կատարէ՝ նպատակ ունենալով՝ ուսումնասիրել կենդանի օրկանիզմներու վրայ ցած աշխուժութեամբ ճառագայթային նիւթերու ազդեցութիւնը:
Առ այդ, նկատի ունենալով նիւթերու ներմուծման համար կառավարութեան արտօնութիւնը, կոմիտէն կառավարութեան Մարտ 1ի նիստին ներկայացուցած է նախագիծը՝ նշուած կեդրոնին մէկ տարիով արտօնութիւն տրամադրելու մասին որոշում կայացնելու համար։
Կեդրոնի հիմնադիր, փրոֆեսէօր Սեներիկ Հայրապետեանի հետ կայացած զրոյցին ընթացքին վերջինս նշեց, որ ճառագայթային փորձաքննութիւնները կը կատարուին առնէտներու եւ մուկերու վրայ՝ քաղցկեղի եւ ջղային հիւանդութիւններու բուժման համար դեղեր յայտնաբերելու նպատակով: Աշխատանքները կ՛իրականացուին պետական պատուէրով ։ Ըստ Ս. Հայրապետեանի, հետազօտութիւնները մօտեցած են աւարտական հանգրուան, եւ յառաջիկային աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուի այս մասին։