29 Փետրուարին Ախալցխայի Հայկական Երիտասարդական կրթական-մշակութային կեդրոնին մէջ համախմբուած երիտասարդները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Սումկայիթի մէջ զոհուածներուն յիշատակը։ Ապա տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ներկաները դիտեցին «Սումկայի»չ վաւերագրական ժապաւէնը եւ լսեցին այս նիւթով դասախօսութիւն մը։ Ժապաւէնին ընդմէջէն երիտասարդները ծանօթացան 1988 թուականին Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայերուն դէմ գործադրուած բռնութիւններուն եւ սպանդին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.