
Մկրտիչ Պուտաքեան՝ անդրանիկ որդին Վաղարշակ եւ Զարուհի Պուտաքեաններու, ծնած է նորանկախ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ՝ 1918 Օգոստոս 1ին։ Երկրի խորհրդայնացումէն ետք, 1920ին, ապահովական պատճառներով, հայրը կը մեկնի Եգիպտոս, բաժնուած մնալով կնոջմէն ու երկու զաւակներէն։ Միայն 11 տարիներ ետք, Զարուհի կը յաջողի, Պարսկաստանի, ապա Լիբանանի վրայով, Մկրտիչին ու Հենրիկին հետ վերամիանալ ամուսնոյն։
Մկրտիչ իր նախակրթութիւնը կը ստանայ Երեւանի մէջ, տարի մըն ալ կը յաճախէ Գահիրէի Թաշճեան վարժարանը, ապա 1936ին, աւարտելէ ետք Lycռe francais վարժարանը, կը հետեւի ճարտարապետութեան ու կը վկայուի Leonardo da Vinci հաստատութենէն։ Կ՛աշխատի նախ բրիտանական բանակին մէջ որպէս քաարտէսագիր, ապա զուիցերական ընկերութեան մը մէջ՝ որպէս ճարտարապետ։ Անկէ ետք կը հիմնէ իր սեփական լուսանկարչական հաստատութիւնը։
Մկրտիչ Պուտաքեան հասակ կ՛առնէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան յարկին տակ, վայելելով Աղբալեանի, Նաւասարդեանի, Վրացեանի եւ Օհանջանեանի նման հսկաներու շուքն ու դաստիարակութիւնը։ Անցնելով ՀՅԴ շարքերը, ան շուտով կը դառնայ աշխոյժ ղեկավար՝ երկար տարիներ ըլլալով Գահիրէի կոմիտէի եւ հուսկ, Նեղոսի շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ։
1948ին ան կ՛ամուսնանայ Ալիս Խաչատուրեանի հետ ու կ՛ունենան երկու զաւակներ՝ Վաղարշ եւ Արմէն։
1968ին ընտանիքը կը փոխադրուի Նիւ Եորք, ուր ընկեր Մուկուչ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը տեղւոյն Արմէն Գարօ կոմիտէութեան մէջ, գլխաւոր դերակատար հանդիսանալով 1975ին Հայ կեդրոնի գնման եւ ստեղծման ուղղութեամբ։
1988ին, հանգստեան կոչուելէ ետք, Մկրտիչ ու Ալիս կը միանան իրենց զաւակներուն՝ Քալիֆորնիա, հաստատուելով Պրպէնքի մէջ ու մաս կազմելով Նիկոլ Աղբալեան կոմիտէութեան, այնտեղ ալ իր խորհուրդներով, նկատողութիւններով ու մանաւանդ իր ջերմ ժպիտով վայելելով բոլորին սէրն ու գուրգուրանքը։ Վեց տարիներ առաջ, Հայ դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին ան կը ստանայ յատուկ յուշատախտակ մը՝ 70 տարիներ իբր դաշնակցական հաւատարմօրէն ծառայած ըլլալով իր ազգին։ Իր դամբանականին մէջ, տեղւոյն Աղբալեան կոմիտէի կողմէ՝ ընկ. Ստեփան Պոյաճեան դիտել կու տար, որ լոկ յուշատախտակ մը չէր, որ ուրախութիւն կը պատճառէր ընկերոջ, այլ այն գիտակցութիւնը, որ նորերը կը գնահատէին իր սերունդի ներդրումն ու զոհողութիւնները յանուն հայ ազգի վերածնունդին ու հայապահպանման։
Ընկեր Մուկուչ կը մահանայ 2012 Յունուար 22ին, վերջին տարիներուն տառապելով սրտի որոշ անհանգստութիւններէ, յատուկ զուգադիպութեամբ մը, ճիշդ այն պահուն երբ իր պաշտած կուսակցութեան 121րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը կը սկսէր…
Դամբանախօս ընկերը իր խօսքը կ՛աւարտէր հետեւեալ բառերով.
«Երեւի թէ այդ մանուկը, որ կը ծնէր Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի ու Սարդարապատի գոյամարտերէն, այդ մանուկը որ 93 տարիներ առաջ կը ծնէր որպէս Սարդարապատի զանգերու ղօղանջի խորհրդանիշ, իր աչքերը պիտի փակէր ճիշդ այն պահուն, երբ ՀՄԸՄի դրօշակախումբը կը տողանցէր եռագոյն դրօշակներով՝ հետեւելով թմբուկներու կանոնաւոր հարուածներուն, այն պահուն, երբ 121 դաշնակցական պատանիներ հպարտութեամբ ու հաստատակամ կ՛երգէին Դաշնակցութեան քայլերգը՝ Մշակ, բանուոր, ռէնչպեր ախպեր…»