
ՏԻԱՐՊԵՔԻՐ, «Արմէնփրէս».- Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Սուրչի թաղամասի հին շէնքերէն մէկուն մօտ, որ նախապէս եղած է քաղաքային բանտ, իսկ ապա՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոստիկանութեան տեսչութեան կեդրոն, վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքին յայտնաբերուած մարդկային աճիւններու ուսումնասիրութեան աշխատանքները աւարտման կապակցութեամբ շրջանի դատախազութիւնը Հինգշաբթի, 1 Մարտին յայտնած է, թէ մարդկային կմախքներու մնացորդները գրեթէ 100ամեայ տարիք ունին, եւ թէ խիստ վնասուած ըլլալով՝ կարելի չէ անոնց մահուան պատճառը պարզել:
Թրքական լրատուամիջոցները աւելի կանուխ յայտնած էին, որ 2012ի Յունուարին կատարուած այդ պեղումներուն ժամանակ յայտնաբերուած գանկերու թիւը հասած է 30ի եւ հաւանական է, որ պեղումներու շարունակման պարագային՝ անոնց թիւը մեծնայ:
Թրքական «Թարաֆ» թերթը այս գերեզմանոցի յայտնաբերման կապակցութեամբ նշած է, որ անցեալ դարասկիզբին Տիարպեքիր ապրած Թոմաս Մկրտչեան Գահիրէի մէջ գրած իր յուշերուն մէջ նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան շրջանին քաղաքին մէջ բազմաթիւ հայեր ձերբակալուած եւ բանտին մէջ սպաննուած են: Ան նոյնիսկ այդ մասին զեկոյց մը պատրաստած է եւ նշած, թէ այդ զեկոյցը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու արխիւներուն մէջ: