
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի եւ ֆրանսահայութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան մը միջեւ հանդիպման մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Ֆրանսայի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան նշեց, որ հանդիպման աշխատանքները նախապատրաստական փուլի մէջ են, իսկ հանդիպման օրը պիտի որոշէ Ֆրանսայի նախագահը:
«Սարքոզի յայտարարած է, որ մինչեւ իր նախագահութեան աւարտը, Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի հարցը պիտի հասցնէ իր աւարտին, եւ եթէ հարկ ըլլայ՝ նոր օրինագիծ պիտի մշակուի: Այժմ իր կուսակցութեան ղեկավարը եւ ներկայացուցիչները սկսած են յայտարարելու, թէ մինչեւ ընտրութիւնները՝ կարելի չէ նման օրինագիծ պատրաստել, հակառակ արդարադատութեան նախարարութեան մէջ այդ գծով սկսած աշխատանքին», յայտնած է Վարժապետեան:
Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը Փետրուար 28ին հակասահմանադրական նկատած էր պատգամաւոր Վալերի Պուայէի հեղինակած Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Այնուհետեւ, Սարքոզի յանձնարարած էր արդարադատութեան նախարարութեան, որ նոյն խնդիրին առնչութեամբ նոր օրինագիծ մը մշակէ:
Միւս կողմէ՝ Ֆրանսայի խորհրդարանի ընկերվարական պատգամաւոր Ֆրանսուա Փոփոնի յայտարարած է, որ պատրաստ է լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծի մշակման, որպէսզի Ֆրանսայի մէջ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ գործուած այլ յանցագործութիւններու ժխտումը անհնար ըլլայ:
«Եթէ նման օրինագիծ չներկայացուի խորհրդարան, ապա ես պատրաստ եմ անձամբ նորը մշակելու եւ ներկայացնելու», յայտարարած է ան:
«Ես միաժամանակ կը գարմանամ Ողջակիզումի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման համար։ Ինծի համար անընդունելի է, որ անհաւասարութիւն ըլլայ Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած երկու ցեղասպանութիւններու՝ հայերու եւ հրեաներու ցեղասպանութիւններուն միջեւ։ Մտավախութիւն ունիմ, որ այսուհետեւ մեր երկիրին մէջ պիտի ունենանք իրաւական անորոշութիւն», աւելցուցած է ան:
Նաեւ, «Նուվել տ՛Արմէնի» թերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի նախկին նախագահ Ռոպեր Պատինթիէ, անդրադառնալով Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը հակասահմանադրական ճանչնալու որոշումին՝ յայտնած է, թէ «խորհրդարանի գործը չէ զբաղիլ պատմութեան հետ. ատիկա պատմաբաններու գործն է։ Չենք կրնար խորհրդարանին շնորհել այդպիսի լիազօրութիւններ»։ Ան աւելցուցած է, թէ հայ համայնքը կրնայ ատեաններէն պահանջել ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը:
Վերջապէս, իշխող կուսակցութեան երեսփոխան, Ֆրանսա-Իսրայէլ բարեկամութեան խմբակի ղեկավար Քլոտ Քոասքեն ցաւ յայտնած է Սահմանադրական խորհուրդի որոշումին համար՝ մտավախութիւն յայտնելով, որ Ողջակիզման վերաբերեալ օրէնքը եւս կրնայ նման յարձակումներու ենթարկուիլ: