
ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի յայտնի թուրք քաղաքական վերլուծաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտ զգուշացուցած է Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը, որ շատ չոգեւորուի Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը հակասահմանադրական նկատելու որոշումով՝ միաժամանակ նշելով, թէ նման քայլ մը ինքնախաբէութիւն պիտի ըլլայ, իբր թէ՝ թուրքերը յաղթանակ տարած են հայերու դէմ, Ցեղասպանութեան հարցին կապակցութեամբ:
Պիրանտ ըսած է, թէ Սահմանադրական խորհուրդի այդ որոշումը ցոյց տուաւ, թէ Ֆրանսայի մէջ որքա՛ն կարեւոր է խօսքի ազատութիւնը:
«Կրնայ ըլլալ որ ուրացման օրինագիծը մեծ հարուած ստացաւ, սակայն «Ցեղասպանութիւն»ը տակաւին լուրջ հիմքեր կ՛ապահովէ», ըսած է Պիրանտ, որ կոչ ըրած է Անգարայի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին հետ կապուած երկու կարելիութիւններուն պատրաստուելու. «Անգարա կա՛մ պէտք է ընդունի շարունակել ապրիլ Ցեղասպանութեան հետ, կա՛մ պէտք է անկէ ազատելու համար փորձէ համարձակ քայլերու դիմել՝ վերակենդանացնելով Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները», ըսած է Պիրանտ: