
– Ֆրանսական «Ֆիկարօ» թերթը հաղորդեց, որ Յորդանան Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ «Փաթրիո»չ տիպի հակահրթիռային 4 համակարգեր տեղադրելու կը պատրաստուի, իր հողամասերն ու Իսրայէլը՝ սուրիական հողերէն արձակուած հրթիռներէ պաշտպանելու համար։
– Միացեալ Նահանգներու նախորդ նախագահ Ճորճ Պուշի օրօք վաւերացուած տուրքերու կրճատումներուն շնորհիւ, ամենաշատ եկամուտ ունեցող ամերիկացիներուն 1 տոկսը տարեկան միջին հաշուով 66,384 տոլար նուազ տուրք կը վճարէ: Յատկանշական է, որ ամերիկացիներուն մնացեալ 99 տոկոսին միջին եկամուտը 58,506 տոլար է:
– 1980էն ի վեր, 90 տարիքը բոլորած ամերիկացիներուն թիւը եռապատկուած է: