ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը յայտարարեց, որ իսլամականները ապահոված են Եգիպտոսի Ծերակոյտի աթոռներուն մեծամասնութիւնը։
Եգիպտոսի խորհրդարանի վերին պալատի ընտրութիւններու աւարտով, Եգիպտոսի օրէնսդիր մարմինի ընտրութիւնները վերջ կը գտնեն իսլամականներու յառաջատար դիրքով։ Սակայն, այս վերջին ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը չշրջանցեց 10 առ հարիւրը։
Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւը ապահոված է Ծերակոյտի 106 աթոռները կամ՝ աթոռներուն 58.3 առհարիւրը, իսկ սալաֆականները ապահոված են 45 աթոռ: