ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Մարտի սկիզբը Երեւան պիտի այցելեն ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռապըրթ Պրատթքին, Իկոր Փոփովը եւ Ժագ Ֆորը, որոնք հանդիպումներ պիտի ունենան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեանի հետ:
Այնուհետեւ, Մարտ 5ին, համանախագահները պիտի մեկնին Պաքու, ուր յաջորդ օրը պիտի հանդիպին Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ՝ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հետագայ քայլերը: