ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ազատութիւն».- Փետրուար 27ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է Եւրոպական միութեան անդամ 27 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու Հարաւային Կովկասի իրավիճակին քննարկումը, որուն ընթացքին ԵՄ արտաքին գործոց նախարար Քեթրին Էշթըն նշած է. «Եւրոմիութիւնը կ՛ուզէ ծանրակշիռ դեր ստանձնել Ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման գործընթացին մէջ»։
Այդ գծով ան ըսած է. «Վերջերս ես այցելեցի տարածաշրջան եւ քննարկեցի Եւրոմիութեան հետ երեք երկիրներուն յարաբերութիւնները, նաեւ՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի պարագային ղարաբաղեան խնդիրը։ Նաեւ խօսեցայ իմ մեծ մտահոգութիւններուն մասին՝ շրջանին մէջ տեղի ունեցածներուն առնչութեամբ։ Մենք պիտի լսենք արժեւորումը Ֆրանսային, որ ներգրաւուած է Մինսկի խումբին մէջ, իմ յատուկ ներկայացուցիչին, որ պիտի զբաղի այդ տարածաշրջանի հակամարտութիւններով, ապա պիտի որոշենք, թէ այս գծով ի՛նչ քայլերու պիտի ձեռնարկէ Արտաքին գործոց խորհուրդը», յայտարարեց Էշթըն, ըստ որուն, իրենք շատ յստակօրէն կ՛ընդգծեն, որ կ՛ուզեն ուժեղ եւ ծանրակշիռ դերակատարութիւն ունենալ այս հարցով, օգնել ու աջակցիլ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ այս դժուար խնդիրին կարգաւորման նպատակով:
Կ՛ակնկալուի, որ քննարկման աւարտին Եւրոմիութեան ԱԳ նախարարները երեք երկիրներու վերաբերեալ փաստաթուղթ որդեգրեն: Հայաստանի մասին փաստաթուղթի նախնագիծին համաձայն, պաշտօնական Պրիւքսէլը առաջին հերթին լուսարձակի տակ պիտի առնէ առանց նախապայմաններու Եւրոմիութեան պաշտօնեաներուն Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից շրջաններ մուտք ապահովելու կարեւորութիւնը:
Խորհուրդի նախագիծը մտահոգութիւն կը յայտնէ ղարաբաղեան բանակցութիւններուն դանդաղ յառաջընթացին եւ սահմանին վրայ աւելի եւս սաստկացող լարուածութեան գծով:
Փաստաթուղթի նախագիծին համաձայն, ԵՄ ԱԳ նախարարներու խորհուրդը նաեւ կ՛ընդգծէ Հայաստանի մէջ յառաջիկայ ընտրութիւնները ազատ եւ արդար, միջազգային չափանիշներուն համապատասխան իրականացնելու կարեւորութիւնը եւ կը նշէ, որ ուշադրութեամբ պիտի հետեւի անոնց ընթացքին:
Հանդիպման մեկնարկէն առաջ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտդ նշեց, թէ այս հարցը միշտ պիտի մնայ Եւրոմիութեան ԱԳ նախարարներու լուսարձակներուն տակ եւ օրակարգին վրայ: «Հայաստանի մէջ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան: Որոշ մտահոգութիւններ կան անոնց արդար եւ ազատ կայացման վերաբերեալ, եւ կը կարծեմ, թէ մենք պիտի կեդրոնանանք այդ հարցին վրայ», ըսաւ Պիլտդ:
Կ՛ակնկալուի, որ պաշտօնական Պրիւքսէլ նաեւ անդրադառնայ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն՝ կոչ ուղղելով Հայաստանի իշխանութիւններուն շարունակելու այս ջանքերը եւ ամրապնդելու ժողովրդավարական հիմնարկները, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, մամուլի բազմակարծութիւնն ու դատական համակարգի անկախութիւնը: