
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Մոսկուայի «Ռոսիա» համերգասրահի մէջ 2012 Ապրիլ 7ին տեղի պիտի ունենայ «Արմէնիա» երաժշտական մրցանակաբաշխութեան 7րդ արարողութիւնը:
Ինչպէս կը գրէ Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականը, «Կախարդական ձայն» անուանակարգին յաղթող ճանչցուած է պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ Պեկթորոսօղլուն, շնորհիւ հայաստանցի ունկնդրողներէն ստացած քուէներու բարձր թիւին:
Աւելցնենք, որ մրցանակներ պիտի յանձնուին 21 անուանակարգերով: Երգչուհին զարմանքախառն ուրախութեամբ կը դիմաւորէ այս յաղթանակը, յատկապէս գոհունակութիւն յայտնելով Հայաստանէն ներս իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար, կը գրէ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը:
Երիտասարդ երգչուհին համերգներով հանդէս պիտի գայ 24 Մարտին Լոս Անճելըսի եւ 31 Մարտին Նիւ Եորքի մէջ: Երկու համերգներուն ալ երգչուհին բեմ պիտի բարձրանայ Պուրակ Պետիկեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ:
Պոլսահայ միութեան կազմակերպած Լոս Անճելըսի համերգի ընթացքին պիտի ցուցադրուի նաեւ Էրիք Նազարեանի «Պոլիս» անունով կարճամեթրաժ շարժանկարը: Իսկ Նիւ Եորքի համերգին Սիպիլ Պեկթորոսօղլուին պիտի ընկերակցին նաեւ Մելիք Օհանեանի նուագախումրը եւ «Շուշի էրմէնի» պարախումրը:
Համերգի ղեկավարութիւնը ստանձնած է Մաժակ Թօշիկեան: