ԹՈՒՆՈՒԶ, «Էյ.Փի.».- Աւելի քան 60 երկիրներու պատուիրակներ Ուրբաթ, Փետրուար 24ին Թունուզի մէջ մասնակցեցան «Սուրիոյ բարեկամներ»ու խորհրդաժողովին՝ սուրիացիներուն մարդասիրական օժանդակութիւններու ծրագիրը ճշդելու եւ Դամասկոսի վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար։ Ժողովը Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն անմիջական դադրեցումը պահանջեց եւ դատապարտեց այդ երկիրի մէջ մարդկային իրաւանց խախտումները։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց, թէ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը Սուրիոյ մէջ մարդասիրական տագնապի ամբողջական պատասխանատուն է՝ պնդելով, թէ իշխանութենէն Ասատի հեռացումը պէտք է փոխանցման գործընթացի մը մաս կազմէ:
Սուրիոյ ընդդիմութեան կազմած Ազգային խորհուրդը ժողովի ընթացքին ներկայացուց յետ-ասատեան հանգրուանի պատկերացում մը եւ առաջարկեց նախագահական ժամանակաւոր խորհուրդ մը յառաջացնել, սակայն ժողովի աւարտին խորհուրդին ներկայացուցիչը յայտարարեց, որ «ժողովը սուրիացի ժողովուրդին ակնկալութիւնները չբաւարարեց»։
Նաեւ, սէուտական պատուիրակութիւնը հեռացաւ նախքան ժողովին աւարտը՝ զայն բաւարար ազդու չգտնելով: Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը յայտնեց, որ «մարդասիրական օժանդակութեան վրայ կեդրոնանալը չի բաւեր»։ Ան ըսաւ, որ սուրիական տագնապի լուծման միակ միջոցը՝ իշխանութեան կամովին կամ բռնի փոփոխութիւնն է: Ժողովէն ետք իշխանը Քլինթընի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու գաղափարը հոյակապ է», սակայն Քլինթըն նշեց, որ ինք այդ հարցին մասին հետագային պիտի խօսի։
Յայտնենք, թէ ՄԱԿի նախկին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անան նշանակուեցաւ Սուրիոյ մօտ ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ: