ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «վզ.ռու» կայքը կը հաղորդէ, որ «Հասարակական կարծիք» հիմնարկին կատարած հարցախոյզի տուեալները ցոյց կու տան, որ Ռուսիոյ մէջ Մարտ 4ին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններուն մտադիր է մասնակցիլ բնակչութեան 73 առ հարիւրը, որուն մեծամասնութիւնը կ՛ուզէ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի ի նպաստ քուէարկել։
Ըստ հարցախոյզին՝ ընտրողներու 61.8 առ հարիւրի մասնակցութեան պարագային, Փութին կրնայ յաղթել ընտրութեան առաջին փուլին՝ ստանալով քուէներուն 58.7 առ հարիւրը։
Մասնակցութեան նման ցուցանիշի պարագային՝ Ռուսիոյ համայնավար կուսակցութեան ղեկավար Կենատի Ժուկանով պիտի ստանայ ձայներու 16.2 առ հարիւրը, իսկ Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքին՝ 8.8 առ հարիւր:
Հարցախոյզի մասնակիցներուն 9 առ հարիւրը նշած է, որ ընտրութեան պիտի չմասնակցի, իսկ 18 առ հարիւրը յայտնած է, որ ցարդ չէ որոշած, թէ պիտի մասնակցի՞, թէ ոչ: «Հասարակական կարծիք» հիմնադրամի հարցախոյզը կատարուած է Փետրուար 18-19ին։
Միւս կողմէ, ըստ «Լեւատա» կեդրոնին կատարած մէկ այլ հարցախոյզին՝ Փութին կրնայ խլել քուէներուն 63-66 առ հարիւրը: