
ՄՈՍԿՈՒԱ.– Մոսկուայի մէջ Փետր-ուար 13-17 կայացած «Փրոտ–Էքսփօ 2012» տարեկան միջազգային ցուցահանդէսէն «Արմէնիա Ուայն» գինիի գործարանը վերադարձած է երկու ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալներով:
Ընկերութեան մամուլի ծառայութեան համաձայն, «Արմէնիա Ուայն» գինիի գործարանը այս ցուցահանդէսին կը մասնակցի առաջին անգամ ըլլալով: Ըստ ընկերութեան տրամադրած տեղեկատուութեան, հայաստանեան շուկային մէջ տնտեսական իւրայատուկ ցուցանիշներ արձանագրելով՝ «Արմէնիա Ուայն»ը անցեալ տարի սկսած է «Արմէնիա» գինիներու արտահանում կատարել դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ Մերձպալթեան երկիրներ: Ընկերութիւնը այս տարի իր դիմաց ունէր Ռուսիոյ մէջ կայացող ցուցահանդէսին եւս իր գինիներու հարուստ տեսականիի ներկայացման մարտահրաւէրը, այդ պատճառով ալ մասնակցեցաւ այս ցուցահանդէսին։ «Փրոտ–Էքսփօ 2012» միջազգային ցուցահանդէսին ընդհանուր առմամբ մասնակցած էին շուրջ երկու հազար ընկերութիւն՝ Եւրոպայէն, Ասիայէն, Ամերիկայէն։
Ռուսիոյ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը 2012ի լաւագոյն արտադրութիւնը միջազգային մրցումի ծիրին մէջ ոսկէ մետալի արժանի նկատած է «Արմէնիա» կարմիր կիսաքաղցր գինին: Եւս մէկ ոսկէ մետալ ընկերութիւնը ստացած է ալքոհոլային խմիչքներու արտադրութեան լաւագոյն որակին համար: «Արմէնիա» սպիտակ չոր գինին արժանացած է արծաթէ մետալի: Ընկերութիւնը նաեւ ստացած է զանազան պատուոյ գիրեր։ Ընկերութեան համաձայն, ներկայիս բանակցութիւններ կը կատարուին Ռուսիոյ մեծ ընկերութիւններուն հետ՝ «Արմէնիա» գինիները Ռուսիա արտածելու կարելիութեան շուրջ։
Նշենք նաեւ, որ «Փրոտ–Էքսփօ 2012» ցուցահանդէսը սննդամթերքի եւ յարակից ճիւղերու ոլորտին մէջ յետխորհրդային տարածքի ամէնէն մեծ ու կարեւոր ցուցահանդէսն է, իսկ աշխարհի մակարդակով՝ կարեւորագոյններէն մէկը: Ամէն տարի այս ցուցահանդէսին կը մասնակցին նաեւ մեծ թիւով հայկական ընկերութիւններ: