
Վասպուրական Հայրենակցական Միութեան պարբերական «Վարագ»ի վերջին թիւը մեր ձեռքին է: Արդէն ամէն տարի այս ժամանակին անիկա կը ճոխացնէ մեր գրադարանները: Կոկիկ տպագրութիւն եւ բովանդակալից նիւթեր: Մեզ՝ ընթերցասէրներուս համար, հաճելի մտազբօսանք այս օրերուն:
Նախորդ համարներուն նման 224 էջերու վրայ՝ հայերէն եւ անգլերէն, բազմազան նիւթերու դասաւորումը շարունակուած է սքանչելիօրէն՝ հայ ազգային զարթօնքի ջահակիրներ, պատմական դէմքեր, դէպքեր եւ դրուագներ, Վասպուրականի պատմական կոթողներ, վասպուրականցի արժանաւորներ, հայրենաշունչ եւ ժողովրդական բանաստեղծութիւններ, մարող արեգակներ, յոբելեաններ եւ յոբելեարներ, հայրենասիրական դասեր եւ այլն…, իսկ անգլերէն բաժնի մէջ՝ մեր անգլիախօս հայրենակիցները եւ օտարները հետաքրքրող նիւթեր:
Հայերէն բաժնի մէջ խմբագրականի փոխարէն զետեղուած «Ազգային գիտակցութիւն» յօդուածը իր քարոզչական տեսանկիւնէն եւ մօտեցումով մեզ համար այս օր, օդի եւ ջուրի հաւասար կարեւորութիւն ունեցող, քարոզչական նիւթ մըն է, որ կը յորդորէ ճանչնալ մեր ինքնութիւնը եւ ուրիշներուն ճանչցնել մեր անցեալը:
Նմանապէս այս թիւին մէջ մեր ուշադրութեան կ՛արժանանայ Հայոց Հայրիկի «Խօսք Հրաժարման»՝ Պոլսոյ Պատրիարքական աթոռէն իր հրաժարականի ճառը, զոր ներկայացուց Պոլսոյ Հայոց ազգային երեսփոխանական ժողովին, ուր իր բովանդակութեամբ ցոյց կու տայ թէ հայրենասիրութիւնը եւ ժողովուրդին սպասարկումը բարձր են ամէն բանէ աւելի: Երկար ժամեր տեւող այս հրաժարականի ճառին մէջ կը տեղեկանանք այդ օրերու Պոլսոյ հայոց ազգային երեսփոխանական ժողովին մաս կազմող կարգ մը երեսփոխաններու եւ կղերականներու ապազգային եւ շահամոլ արարքներուն:
Վերոյիշեալ սիւնակներու մէջ կը կարդանք նոյնպէս Խաչատուր Աբովեանի կեանքի ու գործի եւ Նարեկայ Վանքի ճարտարապետական հոլովոյթի մասին երկար ընդարձակ գրութիւններ:
Հետաքրքիր է նոյնինքն հայրենակցական միութեան կազմաւորման 80ամեակի առթիւ միութեան համառօտ պատմականը՝ գրի առնուած, նախկին կեդրոնական վարչութիւններու եւ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի երկարամեայ անդամ Վարդան Թովմասեանի կողմէ: Յօդուած, որ ընդարձակ տեղեկութիւններ կը սփռէ 1931էն մինչեւ օրս, 80 տարիներու անդուլ եւ բեղուն գործունէութեան վրայ, հոս՝ Միացեալ Նահանգներ եւ այլ երկիրներ, յատկապէս Հայաստան եւ Միջին Արեւելք, արժանի գերագոյն գնահատականի: Թովմասեանի գրութիւնը զուգահեռաբար կը ներկայացնէ հայրենիքի մէջ գործող Վասպուրականի հայրենակցական այլ միութիւններու մասին բաւական տեղեկութիւններ:
Վերջին նկատողութիւն մըն ալ այն, որ բաղդատելով անցեալի համարներուն հետ՝ այս թիւով նոր խմբագիրի մը ներկայութիւնը կը յայտնուի կազմին մէջ յանձինս տոքթ. Վեհունի Մինասեանի, որուն յօդուածը՝ Իրաք պարտադրաբար հաստատուած գաղթական վասպուրականցիներու 90ամեայ պատմականի մասին (առաջին անգամ մեր մամուլին մէջ), ընդարձակ տեղեկութիւններ կը սփռէ Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն մինչեւ օրս այդ երկրին մէջ ապրող հայորդիներու անցեալին մասին:
Յարատեւ վերելք ու աւելի փայլուն յառաջդիմութիւն կը մաղթենք Վասպուրական հայրենակցական միութեան պարբերական «ՎԱՐԱԳ»ին: