
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ Փետրուար 23ին տեղի ունեցած շնորհահանդէսը Հայաստանի մարզական պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հրապարակուած «Դիւցազնագիրք»ին, որուն մէջ տեղ գտած են 1991-2011ի հայ մարմնակրթութեան մէջ արձանագրուած յատկանշական մրցանիշները, որոնք հաստատուած են իբրեւ Կինեսի գիրքի միջազգային մրցանիշ։
Գիրքին հեղինակին՝ Հայաստանի Կինեսի ցուցանիշներու գիրքի ազգային յանձնաժողովի պատասխանատու Վարդան Թովմասեանին համաձայն, «Դիւցազնագիրք»ը կը պարունակէ Հայաստանի 65 մարզիկներու կողմէ արձանագրուած 134 մրցանիշ։
Վարդան Թովմասեան յայտնեց, թէ յառաջիկայ 20 օրերուն ընթացքին նախատեսուած է Հայաստանի մէջ հաստատել «Դիւցազնագիրք» հիմնադրամը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ աջակցիլ Հայաստանի դիւցազուն մարզիկներուն, ներառեալ՝ Կինեսի գիրք անցած ազգային եւ միջազգային մրցանքներ շահածներուն՝ անոնց ցուցաբերելով նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն:
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան արդէն իսկ տեղեկացուցած է, որ «Գագիկ Ծառուկեան» բարեսիրական հիմնադրամը նորաստեղծ հիմնադրամին պիտի փոխանցէ 4 միլիոն դրամ։