
ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Չորեքշաբթի, Փետրուար 22ին, Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուց իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ պատգամաւորի մը կողմէ ներկայացուած առաջարկ մը՝ կազմելու համար խորհրդարանական ենթայանձնախումբ մը՝ 1937-1938ի Տերսիմի ջարդերը հետապնդելու նպատակով:
Անցեալ տարի Տերսիմի ջարդերուն հարցը լուսարձակի տակ առնուեցաւ, երբ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն երեսփոխան Հիւսէյն Այկիւն յայտարարեց, թէ ջարդերը տեղի ունեցած էին պետութեան գիտակցութեամբ, եւ անհիմն նկատեց այն պնդումները, թէ այդ օրերուն իշխանութեան վրայ գտնուող Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավարութիւնը կամ կուսակցութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը ջարդերու կազմակերպման մասին տեղեկութիւն չունէին:
Աւելի ուշ, վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, հարցը շահագործոլով՝ կոչ ըրաւ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի, որ պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրէ ջարդերուն համար, իսկ ինք պետութեան անունով ներողութիւն խնդրեց: